Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Զարթօնք»ի Երգարանը -Դ- Ղարաբաղցին

*ԶՕՀՐԱՊ  ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*

Հայաստանի եւ Ղարաբաղի երկինքը մթագնած է կրկին այս օրերուն: Ազերի թշնամին ամիսներէ ի վեր սահմանագիծին վրայ գրեթէ ամէն օր լարուածութիւն յառաջացնելէ եւ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակոցներ արձակելէ ետք, վերջին օրերուն բռնկեցուց շիկացած ապահովական վիճակը եւ անցաւ լայնածաւալ գործողութիւններու՝ հայկական հողերուն եւ գիւղերուն դէմ: Հայ զինուրականները անմիջապէս անհրաժեշտ պատասխանները տուին հակառակորդին, որ մարդկային ու նիւթական եւ զինուրական սարքերու մեծ կորուստներ կրեց: Սակայն հայկական կողմն ալ դժբախտաբար ունեցաւ կորուստներու իր բաժինը եւ հայ նահատակներ ինկան՝ առ ի պաշտպանութիւն հայոց հողերուն եւ հայ բնակչութեան, որ լաւապէս կը գնահատէ հայոց բանակին զոհողութիւնը իր Հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար:

Մեր «Երգարան»ի հերթական երգը միայն Ղարաբաղին եւ ղարաբաղցիին նուիրուած կրնար ըլլալ, որուն հերոսական քաջագործութիւնները եւ մարդկային յատկութիւնները լաւապէս արտայայտուած են այս երգով, որ վերջին աւելի քան քսան տարիներուն յաճախակիօրէն կ’երգուի Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի մէջ: Երգին բառերը լաւագոյնս կ’արտացոլացնեն մեր հայրենակիցներուն արժանիքները, որոնք կը պարզուին պատերազմի թէ խաղաղութեան օրերուն:

ՂԱՐԱԲԱՂՑԻՆ

Պատուել գիտի միշտ իր հիւրին,
Գիտի գինը աղ ու հացին,
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի,
Միշտ սրտաբաց ղարաբաղցին:

Ղարաբաղցին, ղարաբաղցին, ղարաբաղցին,
Ուր էլ լինես, իմ բարեկամ,
Դու նրա հետ ընկերացիր,
Վատ ընկերոջ համար անգամ
Կեանքը կը տայ ղարաբաղցին:

Կռւումն լինի, աշխատանքում,
Խիզախում է ինչպէս արծիւ,
Վաստակն արդար, խիղճը մաքուր,
Արդարադատ ղարաբաղցին:

Մշակ է նա ու շինարար,
Բայց հասարակ մարդ մի կարծիր,
Գիտնական է ու զօրավար
Բազմավաստակ ղարաբաղցին:

  Խաղաղ է նա, համբերատար,
Բայց թէ հոգով դու դառնացիր,
Ամպի նման կը որոտայ
Շանթ ու կրակ ղարաբաղցին:

 

Խօսք՝ ՀՐԱՉԵԱՅ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ
Երաժշտ.՝ ԱԼԵՔՍԷՅ ՀԵՔԻՄԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին