1 Ապրիլէն սկսեալ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւնններու հետեւանքով, Ազրպէյճանի յայտարարուած սպաննուածներուն թիւը հասած է 79-ի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Razm.info-ն նշելով, որ ազրպէյճանցի գերմանաբնակ պլոկըր, Meydan.tv ընդդիմադիր լրատուակայքի համակարգող Հապիպ Ապտուլլաեւը, թարմացնելով իր նախկին ցուցակը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կորուստներու՝ 66 սպանուածի եւ 5 անհետ կորածի անուն, կրկին թոյլ տալով սակայն շարք մը սխալներ: Razm.info-ն համադրելով այդ տուեալները իր գրանցածներու հետ եւ զտելով անոնք` ներկայացուցած է Ազրպէյճանի սպանուածներու եւ անհետ կորածներու ճշդուած՝ 79+5 անունէ բաղկացած ցուցակ։ Ասոնց շարքին են 1 գնդապետ, 1 փոխգնդապետ, 5 մայոր, 2 քափիթան, 5 աւագ լեթնանթ եւ 3 լեթնանթ, ու տակաւին այլ տուեալներ կը ստուգուին, որմէ ետք կ’ենթադրուի, որ սպաներու թիւը աւելնայ։ Կը նշուի նաեւ, որ ցուցակագրուածներու մեծ մասը յատուկջոկատայիններ եւ հետախոյզներ են: