Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Զինուժը ԼՂՀ Հիւսիսային Հատուածին Մէջ Կիրառած է Ականանետ Եւ Հրանօթ

Շաբաթավերջին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հիմնականօրէն պահպանուած է կրակի դադրեցման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը` բացառութեամբ առաջնային գիծի հիւսիսային հատուածի մէջ, որուն ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է 82 մմ ականանետ (2 արկ) եւ 122 մմ Դ-30 հրանօթ (2 արկ):

ԼՂՀ ՊԲ-էն NEWS.am-ին կը յայտնեն, որ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ վստահօրէն կ՛իրականացնեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին