Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը՝ պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութիւն: Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ իր ռուս գործընկերը դիմաւորեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Դիմաւորումը կատարուեցաւ պաշտօնական այցի արարողակարգով. հնչեցին երկու երկիրներու օրհներգերը: Այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուին ՌԴ կառավարութեան նախագահի հանդիպումները ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ: