Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Ռուսիոյ Վարչապետը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, Ապրիլ 7-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն։

Ռուսիոյ վարչապետը ծաղկեպսակ դրաւ յուշահամալիրի մօտ, այնուհետեւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին:

ՌԴ վարչապետին կ՝ուղեկցէին ՀՀ փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Տմիթրի Մետվետեւին ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ մանրամասներ յուշահամալիրի կառուցման մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին