Հինգշաբթի 7 Ապրիլ 2016ին ՌԱԿի եւ ԹՄՄի Լիբանանի կառոյցներու վերին մարմինները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանի եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանի, այցելեց Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատուն:
Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Լիբանանի մօտ ՀՀ նորանշանակ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանին:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ միասնաբար արծարծելու վերջին օրերուն Արցախն ու Հայրենիքը յուզող հարցերը:
Ընկեր Յակոբ Գասարճեան շեշտեց ՌԱԿի եւ ԹՄՄի պատմական գործակցութիւնը Հայրենիքի հետ: Ընկեր Միքայէլ Վայէճեան հաստատեց, որ ինչպէս զինք նախորդող դեսպաններուն, նաեւ նորանշանակ դեսպան Պրն. Մկրտչեանին հետ ՌԱԿի կապերը պիտի ըլլան անքակտելի ու գործակցութեան լաւագոյն մակարդակի վրայ:
Պրն. Դեսպանը դրուատիքով խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին, վեր առնելով անոր արժանիքներն ու կարելիութիւնները:
