Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Չինաստանի Մէջ Արցախի Զօրակցութեան Համար Դրամահաւաք Կ՛իրականացուի

Չինաստանի Հայկական Համայնքի Գործադիր մարմինը ըստ «Հայերն Այսօր»ի կոչով դիմած է տեղի հայութեան.

Յարգելի՛ Չինաստանի Հայկական համանյք,

Երեք տարի է, որ աշխոյժ կը գործէ մեր երիտասարդ ու եռանդուն համայնքը: Այս երեք տարիներու ընթացքին մենք բոլորս միասին՝ կրցած ենք մեր ներդրումը ունենալ Հայապահպանութեան գործին, ապրած ենք Հայրենիքով ու Հայութիւնը յուզող հարցերով: Անցեալ տարի Ապրիլին միաւորուելով` մեր ձայնը բարձրացուցինք յանուն Հայոց հարցի արդարացի լուծման: Հիմա Հայրենիքը կրկին ունի մեր օգնութեան կարիքը:

Հաշուի առնելով Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները` Գործադիր կոմիտէն որոշում ընդունած է կազմակերպելու դրամահաւաք: Կոչ կ՛ուղղենք աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու Արցախի համար կազմակերպուած այս դրամահաւաքին: Անիկա նպատակ ունի մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու՝ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր քաջ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Օգնելով Արցախին մեր ներդրումը կը կատարենք Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Ասիկա յստակ ազդանշան պիտի ըլլայ, որ անոնք մինակ չեն եւ մենք հնարաւոր միջոցներով պատրաստ ենք օգնելու անոնց:

Կը խնդրենք ցուցաբերել ձեր գործնական օգնութիւնը Հայրենիքին: Դրամահաւաքի իբրեւ արդիւնք յառաջացած գումարը, Չինաստանի Հայկական համայնքին անունով պիտի փոխանցուի Արցախի կառավարութեան, քանի որ անոնք կը գտնուին մարտական գործողութիւններու կիզակէտին վրայ եւ յստակ գիտեն, թէ ինչ անհրաժեշտ է Արցախի հայութեան:

Փոխանցումը կատարելէ յետոյ կը խնդրենք հաղորդագրութիւն գրել ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին` Chinahay.info@gmail.com

Չինաստանի մէջ Վիչաթով փոխանցում կատարելու համար կրնաք ուղարկել հետեւեալ հաշուին (sparapet or +86 1348 282 9220) եւ հաղորդագրութիւն գրել ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին` Chinahay.info@gmail.com
Յարգանքով` Չինաստանի Հայկական համայնքի Գործադիր մարմին

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին