Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Հայոց Եկեղեցին Զօրաւիգ Է Հայոց Բանակին

Այս օրերուն Հայոց Եկեղեցին, զոյգ Վեհափառ Հայրապետներու հոգեւոր առաջնորդութեամբ եւ աշխարհասփիւռ թեմերու բարեխնամ առաջնորդներու կազմակերպութեամբ, հայութեան բոլոր հատուածները կը վարակէ հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան զօրեղ զգացումով` մասնակցելով համայնքները զօրաշարժի ենթարկելու գործին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ` ամէնուր կը կատարուին Հայրենիքի եւ հայրենեաց պաշտպան զինուորներու համար աղօթքներ, մարտերու եւ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ նահատակուածներու հոգեհանգստեան արարողութիւններ` խնկարկելով անոնց հայրենասիրական նուիրումը ազգին, Հայրենիքին եւ Աստուծոյ:

Ոգեւորիչ է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի յորդորները Արցախի հայութեան՝ Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին լարուած իրավիճակի ժամանակ, որ ըլլանք միաբան, կազմակերպուած, սառնասիրտ հայեացքով եւ զօրեղ ոգիով շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնը` պաշտպանելու Հայրենիքը, մեր անկախութիւնը, մեր կեանքը, ազատութիւնը եւ մեր պատիւը:

Վեհափառ Հայրապետներու յառաջիկայ օրերուն նախատեսուող այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ՝ կ՛ապացուցէ մեր ազգի միասնութիւնը եւ համախմբուածութիւնը, մեր եկեղեցիներու բոլոր թեմերու Արցախին զօրաւիգ կանգնելու գնահատելի նախաձեռնութիւնը:

Կաթողիկոսները իրենց ներկայութեամբ հոգեւոր նոր լիցքեր կը հաղորդեն մեր զինուորներուն  եւ առաւել կը բարձրացնեն անոնց խրոխտ ոգին, Աստուածաշնչեան զօրաւիգ խորհուրդներուն ականջալուր ըլլալով` անոնք կը շարունակեն դիմակայել բոլոր դժուարութիւնները` ամուր պահելով մեր Հայրենիքի սահմանները եւ հարկ եղած պարագային ետ շպրտելու ամէն մէկ թշնամի:

Ազգային միասնութեան այս աննախադէպ օրերուն բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել հայրենասիրական այն պոռթկումը, որ այսօր կը թեւածէ Հայոց բանակին մէջ, երբ կանոնաւոր բանակին եւ աշխարհազօրին միացած են Մայր Աթոռի 45 հոգեւոր սպասաւորներ, որոնց մեծ մասը մեկնած է Արցախ` ներառեալ առաջնագիծ: Անոնք թեւ ու թիկունք դարձած են Հայոց բանակի արիասիրտ զինուորներուն` վճռականօրէն պաշտպանելու հայրենի երկիրն ու սրբութիւնները, արցախահայութեան ազատ ապրելու արդար իրաւունքը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին