Իտալական RAI NEWS 24 հանրային լրատուական հեռուստաալիքի թղթակից Աննամարիա Էսպոզիտոն, լրահաղորդում մը պատրաստած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ, ուր ինչպէս կը նշէ հեռուստաալիքը, իրավիճակը լարուած կը մնայ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը:
Լրահաղորդման մէջ Էսպոզիտոն Ստեփանակերտէն կ՛ուղեւորուի Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծ: Լրահաղորդման մէջ կ՛երեւին դէպի սահմանագիծ տանող ճանապարհը, ռազմական մեքենաներ եւ անոնց ողջունող զինուորներ…։ Լրագրողը կը նշէ, որ զինուորականներուն մէջ կան շատ կամաւորներ, շատեր կ՛երկարաձգեն երկու տարուայ իրենց պայմանագիրը եւ կը շարունակեն ծառայել բանակին մէջ:
Հասնելով սահմանագիծ լրագրողը կը նշէ, որ առջեւը երկու կողմերուն միջեւ գտնուող չէզոք գօտին է:
«Այսօրուայ օրը սակայն յատուկ է զինուորներուն համար, որոնք այստեղ կը մնան օր ու գիշեր», կ՛ըսէ լրագրողը աւելցնելով, որ անոնց ողջունելու եկած է յայտնի հաղորդավարուհի Նազենի Յովհաննիսեանը:
«Ես այստեղ եմ, որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ տեղ չեմ կրնար ըլլալ: Բոլոր հայերը կը ցանկան աջակցիլ իրենց երկիրին», կ՛ըսէ Նազենի Յովհաննիսեան:
Լրագրողը կը հարցնէ, թէ ի՞նչ կը կարծէ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն մասին, ուր ցուցարարները կը պնդեն, որ «Ղարաբաղը պէտք է վերադառնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:
Հաղորդավարուհին լրագրողին հարցումին կը պատասխանէ նշելով, որ Ազրպէյճանը այս հողին տէրը չէ, «եթէ Խորհրդային միութիւնը սխալ գործած է, չենք կրնար միշտ վճարել ատոր համար»:
«Երիտասարդները որոնք կը մասնակցին ցոյցերուն, չեն տեսած պատերազմը եւ չեն գիտեր ամբողջ պատմութիւնը», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ, որ թէկուզ հայերը քիչ են բայց միշտ ուժեղ կ՛ըլլան եթէ միասին ըլլան:
Զինուորները լրագրողին կը պատմեն, որ հրադադարի յայտարարուելէ ետք լուրջ միջադէպեր չեն արձանագրուած, նաեւ կը պատմեն Ապրիլ 2-4ի ծանր ընդհարումներու մասին: Անոնք աւելի ուշ` հրադադարէն ետք արդէն հրաման ստացած են չպատասխանել, նոյնիսկ երբ սադրանքներ տեղի ունենան: Զինուորները կը պատմեն լրագրողին, որ վիրաւորներ ու զոհեր ունեցած են սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով:
Սահմանագիծէն հեռուստաալիքի լրագրողական խումբը Ստեփանակերտ կը վերադառնայ՝ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանի հետ: Թեւան Պօղոսեան ճամբուն վրայ ցոյց կու տայ Շուշիի եւ Ստեփանակերտի դիրքը ու կը բացատրէ, որ քաղաքի բնակչութիւնը աշխարհագրական դիրքի պատճառով, տարբեր կողմերէ ազրպէյճանցիներու յարձակումներու թիրախը յայտնուած է դեռ պատերազմի ժամանակ: Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ օրերս հրադադարի յայտարարութենէ առաջ, Ազրպէյճանը սպառնացած է ռմբակոծել Ստեփանակերտը:
«Նոյնիսկ եթէ տարիներ պահանջուին, միակ լուծումը բանակցութիւններն են եւ ոչ երկու կողմէն զոհուող երիտասարդ զինուորները», կ՛ըսէ Թեւան Պօղոսեան լրագրողին: