Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«ԼՂՀ Անկախութեան Ճանաչումը Ազրպէյճանը Զսպելու Լաւագոյն Մեքենականութիւնն է». Կարէն Միրզոյեան

Լեռնային Ղարբաղի Հանրապետութիւնը կը պահպանէ անկախանալու իր ձգտումը` համարելով, որ ատիկա Ազրպէյճանը զսպելու լաւագոյն մեքենականութիւնն է: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, սպանական EFE-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ նշած է ԼՂՀ ԱԳ նախարար Կարէն Միրզոյեան:

«Մեր անկախութեան միջազգային ճանաչումը Ազրպէյճանը զսպելու լաւագոյն մեքենականութիւնն է», ըսած է Միրզոյեանը եւ բացառած է անկախութեան հարցով նոր հանրաքուէի նշանակումը` յիշեցնելով, որ ԼՂՀ-ն արդէն իրականացուցած է անկախութեան հանրաքուէ, ուր «քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութիւնը կողմ արտայայտուած է անկախութեան»:

Միրզոյեան անհնար համարած է Ղարաբաղի վերադարձը Ազրպէյճանի կազմ, որուն կը մեղադրէ անցեալ շաբաթ ռազմական գործողութիւններ սկսելու մէջ, որոնք յանգեցուցին 1994-ի հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք տեղի ունեցած ամենադաժան մարտերուն:

«Մեր պահանջները իրատեսական են, ուղղուած են ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան շահերուն եւ անոնք կայունութեան երաշխիք են», ըսած է Միրզոյեան աւելցնելով, որ ԼՂՀ-ն պէտք է վերականգնէ բանակցութիւններու լիիրաւ կողմի իր կարգավիճակը:

Անդրադառնալով զինադադարին Միրզոյեան նշած է, որ իրավիճակը «յարաբերականօրէն հանգիստ է», թէեւ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խախտումներ կատարել: «Մենք խստօրէն կը յարգենք զինադադարը: Հիմա պէտք է վերականգնել 1994-ին հաստատուած հրադադարը», ընդգծած է ան աւելցնելով, որ ատոր համար ազրպէյճանական զօրքերը պէտք է վերադառնան իրենց դիրքերը, իսկ Պաքուն պէտք է սահմանէն հեռացնէ այն ծանր հրետանին, որ տեղափոխած է հոն եւ որ աշխուժօրէն կիրառուած է վերջին օրերուն:

Միրզոյեան նշած է, որ խորհրդային իշխանութեան 70 տարուան ընթացքին, որուն ժամանակ Արցախը մաս կազմած է Ազրպէյճանի ԽՍՀին, պարբերաբար եւ համակարգային ձեւով ենթարկուած է խտրականութիւններու, որոնք միտում ունեցած են արհեստականօրէն կանգնեցնելու անոր հասարակական, տնտեսական եւ ժողովրդագրական զարգացումը:

Անոր իբրեւ հետեւանք 1988-ին Ղարաբաղի հայերը պահանջած են իրենց միացումը Հայաստանին` փորձելով իրականացնել իրենց ինքնորոշման իրաւունքը եւ յարգելով բոլոր իրաւական չափանիշերն ու ազգային ազատութեան արտայայտման ժողովրդավարական ձեւերը:

Միրզոյեանի ըսելով  Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանական լուծէն ազատուելէ ետք վերածուած է պետութեան մը, որ ունի բոլոր անհրաժեշտ տուեալները, ներառեալ Սահմանադրութիւն, որուն համաձայն անիկա ժողովրդավարական պետութիւն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին