Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկել ըստ Tert.am-ի, Blogactiv.eu-ի մէջ հրապարակուած յօդուածով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բախումներուն ու նշած, որ մէկ յարձակումը շատ շատ է եւ ժամանակն է ճանչնալու Լեռնայի Ղարաբաղի անկախութիւնը:
«Ազրպէյճանը կրկին խախտած է հրադադարը: Այս անգամ անիկա լայնածաւալ յարձակման դրսեւորումով կատարած է: Սենարը պատերազմական է. պատերազմ, որ Ազրպէյճանը երկար ժամանակ կը փորձէր վերսկսիլ», գրած է Ֆրանք Էնկել:
Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորը նշած է, որ հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է, այլ ոչ թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, սակայն միջազգային հանրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին յարգելու հրադադարը, այն պարագային երբ ո՛չ Ղարաբաղը եւ ո՛չ ալ Հայաստանն են զայն խախտողը:
«Արդեօք Ազրպէյճա՞նն էր, որ խախտած է հրադադարը: Անկասկած այո՛: Հակամարտող կողմերէն միայն Ազրպէյճանը շահ ունէր զայն խախտելու մէջ: Ղարաբաղը հաւանաբար չէր ցնծար խաղաղութեան համաձայնագիրի հաստատման բացակայութեան հանգամանքէն, սակայն կը յարգէր զինադադարը: Ղարաբաղը «իրավիճակ» ունի: Հայաստանը չէր ուզեր սահմանագիծը հարցականի տակ դնել», գրած է Ֆրանք Էնկել: