Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի պիտի ընէ՝ թշնամիին արկակոծութեան հետեւանքով բնակիչներուն վնասուած առանձնատուները եւ համայնքային ենթակառուցուածքները կարճ ժամանակամիջոցի մէջ վերականգնելու համար: Այս մասին յայտարարած է ԼՂՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Մարտակերտի շրջանի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ:
Արցախի կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի տեղեկացմամբ, վարչապետը Մարտակերտ քաղաքին եւ Մատաղիս ու Թալիշ գիւղերուն մէջ ծանօթացած է՝ Ապրիլ 2-էն 5 թշնամիին հրետակոծութեան հետեւանքներուն:
Ա. Յարութիւնեան երախտագիտութիւն յայտնած է բնակիչներուն` ստեղծուած իրավիճակին մէջ խիզախութիւն դրսեւորելու եւ հայրենի համայնքներուն մէջ մինչեւ վերջ կանգնելու վճռականութեան համար:
«Մի քանի օրուայ մէջ քաղաքաշինութեան նախարարութեան համապատասխան մասնագէտներու կողմէ կը գոյքագրուին բոլոր վնասները` հնարաւոր սեղմ ժամկէտերու մէջ անոնց վերականգնման աշխատանքները սկսելու նպատակով», ըսած է վարչապետը:
Ան աւելցուցած է, որ վնասուած ենթակառուցուածքներու բնականոն գործունէութիւնը վերականգնելու համար, համապատասխան կառոյցներու կողմէ արդէն աշխոյժ աշխատանք կը տարուի:
Այցի ընթացքին վարչապետին ուղեկցած են Արցախի Տնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք: