Քաղաքական վերլուծաբան Յովսէփ Խուրշուտեան հաշուարկած է, թէ որքան դրամական կորուստներ կրած են կողմերը՝ ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով:
Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի վերլուծաբանը Ապրիլ 7-ին տեղեկացուցած է լրագրողներուն:
«Մօտ 14 միլիոն տոլարի կորուստ ունի Արցախը, իսկ 170 միլիոն տոլարի ազրպէյճանական կողմը: Մէկ կողմէ այս փաստը ոգեւորիչ կարող է ըլլալ, բայց միւս կողմէ ակնյայտ է, որ մեր զինուորը աւելի վատ զինուած է», նշած է քաղաքական վերլուծաբանը:
Յովսէփ Խուրշուտեանի ըսելով` մեր զինուորի ոգիին շնորհիւ հնարաւոր եղաւ ռազմական յաջողութեան հասնիլ:
«Հայաստանը կարիք ունի ուշադրութիւն դարձնելու ռազմական արդիւնաբերութեան, ռազմական գործողութիւններու մէջ պէտք է արհեստագիտութիւններ (թեքնոլոճի) կիրառել», ընգծած է ան: