Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Նախարար Օհանեան Հաստատեց Արցախի Բանակին Մարտունակութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Որեւէ Նուաճումի Չհասնիլը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ նախօրոք Մոսկուայի մէջ տեսակցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետերը ու հասած են կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութեան: Կառավարութեան նիստի ընթացքին նախարար Օհանեան հաստատեց, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան աստիճանը, մարտական կարողութիւնները, պաշտպանութեան ընդհանուր առմամբ ձեւաւորուած դասաւորուածութիւնը եւ անոր պատրաստակամութեան աստիճանը թոյլ կու տան յայտարարելու, որ անոնք պատրաստ են կատարելու որեւէ գործողութիւն, զսպելու համար հակառակորդին որեւէ ոտնձգութիւնը: Նախարարին համաձայն հակառակորդը որեւէ նուաճումի չէ հասած, նոյնիսկ ռազմավարական առումով: «Սահմանային Թալիշ եւ Նոր Սէյսուլան գիւղերը կը գտնուին Արցախի պաշտպանութեան բանակի խորքը: Մարտավարական առումով աւելի ծանր կէտերու մէջ վերահսկողութիւնը, նախաձեռնութիւնը եւ կրակային խոցման հնարաւորութիւնները կը գտնուին պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ», ըսաւ նախարարը: Օհանեան վստահութիւն յայտնեց, որ ազրպէյճանական կողմէ սանձազերծուած գործողութիւնները աննախադէպ էին՝ ոչ միայն 1994ի զինադադարէն ետք, այլ նաեւ ղարաբաղեան առաջին պատերազմի համեմատ: Անոր համաձայն հակառակորդը գործածած է ծանր զէնքեր, իսկ յարձակումին պատրաստութիւնը եղած է նախօրոք:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին