Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր նախատեսուած է անոր տեսակցութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ: Նախարար Նալպանտեան նաեւ պիտի մասնակցի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: Իսկ Ապրիլի աւարտին Լաւրով պիտի այցելէ Հայաստան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ ղարաբաղեան հարցը պէտք է լուծել խաղաղ միջոցներով, այլ ելք չկայ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ արձագանքը եղած է միջնորդի մօտեցում՝ գուցէ նկատի առնելով, որ յարձակումները եղած են Արցախի եւ ոչ թէ Հայաստանի ուղղութեամբ: Անոր խօսքով Արցախի բանակցութիւններուն մէջ անհրաժեշտ է վերադառնալ 1994ի զինադադարին: Իսկ Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Տիմիթրի Մետւետեւի գործողութիւնները՝ ղարաբաղեան իրավիճակի կարգաւորման հարցին մէջ ամբողջովին համապատասխանեցուած են: Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահը իր Ղազախստանի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց ղարաբաղեան զարգացումները եւ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ Մոսկուայի ձեռնարկած քայլերը: