Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Արցախի բախումներու ընթացքին զոհուած հետախոյզ-գնդացրորդ Սասուն Մկրտչեանի յուղարկաւորութեան: Նախագահը զօրակցական խօսք արտասանեց եւ նշեց, որ հայատեացութենէ կուրացած, քարիւղի հօտէն գինովցած Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի հասկնար, որ ուժը հրասայլերու թիւին մէջ չէ: «Այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ, հայ ժողովուրդի հերթական փորձութիւնն է: Վստահ եմ, որ մենք պատուով պիտի յաղթահարենք այս մարտահրաւէրը եւս», հաստատեց նախագահ Սարգսեան: Ան ցաւակցեցաւ բոլոր նահատակներու ընտանիքներուն եւ զռրակցութիւն յայտնեց սահմաններուն վրայ գտնուող զինուորներուն: «Մենք չունինք հզօր հովանաւորներ, բայց ունինք աշխարհի արդար մարդոց համակրանքը, մենք ունինք ամէն ինչ, որպէսզի պաշտպանենք մեր տունը, մեր Հայրենիքը», ըսաւ նախագահը: