*ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ*
Ապրիլ ամիսը Հայ ժողովուրդին համար սեւ ամիս մըն է, ցեղասպանուած ամիս մըն է, որու ընթացքին Հայ Ժողովուրդը ջարդի ենթարկուեցաւ ցեղասպան թուրքին կողմէ, զոհ տալով աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ: Պատմութիւնը կարծէք կ’ուզէր ինքզինք կրկնել, երբ օրեր առաջ Ազրպէյճանի հրոսակները փորձեցին ներթափանցել Արցախ… պատասխանը զոր ստացան սակայն շշմեցուցին թէ՛ զիրենք եւ թէ ալ իրենց ետին կանգնած արիւնարբու ցեղասպանը՝ թուրքը:
Մեր բանակի տղաները կամ մերոնք, ինչպէս Հայաստանի մեր հայրենակիցները կ’ըսեն, արժան եւ իրաւ կերպով պատասխան տուին: Արժան եւ իրաւ կերպով եկան փաստելու արար աշխարհին, որ Հայը տէ՛րն է իր հողերուն, իր հայրերուն արիւնով գնուած սահմաններուն, եւ որպէս այդպիսին գիտէ պարտ ու պատշաճ կերպով տէր կանգնիլ իր սրբազան ժառանգին: Աւելին՝ անցնող մի քանի օրերուն մեր Հայկական Բանակին եւ բանակայիններուն սխրանքները եկան փաստելու Արցախեան ազատամարտի հերոսներէն՝ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի սա խօսքը, որ կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր պետութիւն ունի մեծ եղբայր: Մենք ո՛չ մեծ եղբայր ունինք, ոչ ալ փոքր: Մեր ոյժը մեր յաղթանակը եղաւ՝ մեր միասնութեան շնորհիւ»: Իրապէս ալ անցնող այս օրերուն, Արցախի իրադարձութիւնները յստակ դաս եղան իւրաքանչիւր հայ մարդու, որ մեր փրկութիւնը, մեր յաղթանակը կապուած է մեր միասնականութենէն: Աւելին՝ օտար պետութիւններու մէջ թրքական դեսպանատուներուն կամ Սպիտակ Տան դիմաց կատարած մեր ցոյցերը ոչինչ, ոչի՛նչ կու տան մեզի, որովհետեւ այսօրուան քաղաքականութիւնը ցոյցերու լեզուէն չի՛ հասկնար, այսօրուան քաղաքականութեան լեզուն՝ «եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ»ի լեզուն է: Մենք մեր բազուկին պիտի ապաւինինք, մենք մեր ուժերուն պիտի ապաւինինք:
Միասնականութեան տեսակէտէ ի՜նչ ուրախալի է այն երեւոյթը, որ տարբեր տարիքի, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ, տարբեր սեռերու պատկանող մարդիկ կամաւորաբար մեկնեցան Արցախ, ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնելով մեր զօրքին կողքին ըլլալու, աջակցելու համար մեր Հայ զինուորներուն: Անդին ամէն մարդ ջանք կը թափէ որեւէ մէկ բանով օգտակար դառնալու. տարբեր-տարբեր վայրերու մէջ սկսած են անհրաժեշտ պիտոյքներ, սնունդ, դեղորայք, եւայլն հաւաքել, հասցնելու համար կռիւի շրջաններէն տեղահանուած մեր հայորդիներուն: Երիտասարդներ հիւանդանոցներ կ’երթան արիւն տալու համար վիրաւոր մեր զինուորներուն: Անդին Հայ հոգեւորականները, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, աշխարհով մէկ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած՝ մեր երկիրի սահմաններուն խաղաղութեան եւ մեր զինուորներուն ապահովութեան ու անվտանգութեան համար, ինչպէս նաեւ խստիւ կը դատապարտեն ու իրենց ձայնը լսելի կը դարձնեն մեծ պետութիւններուն մօտ, ազերիներուն կատարած ոտնձգութիւններուն մասին: Մէկ խօսքով Հայ ժողովուրդը այս օրերուն կ’ապրի միասնական վիճակ մը, որ երկա՜ր ժամանակէ ի վեր չէր տեսնուած: Այս երեւոյթը փաստ է, որ եթէ ուզենք հետեւաբար, կրնանք միասնական ըլլալ եւ մեր միասնականութեամբ տէր ու պաշտպան ըլլալ մեր Հայրենիքին:
Բնականաբար պատերազմը իր հետ կը բերէ նաեւ կորուստներ, որմէ զերծ չմնացինք: Անցնող օրերուն ըստ պաշտօնական տուեալներու, տուած ենք աւելի քան երեսուն նահատակներ, որոնց մեծամասնութիւնը զինուորներ են: Աստուած բոլորին ալ հոգիները լուսաւորէ, իսկ անոնց հարազատներուն Սուրբ Հոգիով մխիթարէ: Արդէն սկսած է խօսուիլ քաջարի՝ հերոս մեր նահատակներուն մասին, որոնք սխրագործութիւններով զոհուած են, ի սէր մեր ժողովուրդին եւ մեր Հայրենիքի ազատութեան: Յարգանք Ձեզի մերօրեայ հերոս նահատակներ:
Ազերին, իմա՝ թուրքը, կրկին անգամ եկաւ փաստելու, թէ տակաւին նոյն գազանն ու արիւնարբուն է ու թէեւ տարիները անցած են, բայց ինք չէ՛ փոխուած եւ չի ալ փոխուիր, որովհետեւ իր բնութիւնն է գազանութիւնն ու արինարբութիւնը, վկայ մեր 12 ամեայ փոքրիկ նահատակը, եւ երէկ Թալիշի մէջ կատարուած վայրագութիւնները տարէցներուն հանդէպ:
Այս բոլորին մէջ ցաւալին կը մնայ տեղեկատուական աշխարհը, որ այս օրերուն լեցուած է այնքան կեղտերով ու ապատեղեկատուութեամբ, որ միայն ու միայն ամօթ եւ անարգանք է հրատարակողներուն համար: Դժբախտաբար ոմանց համար այս արիւնալի օրերը անուն, վարկ, ընթերցող շահելու առիթ են մի միայն: Որոշ լրատուակայքեր մեծ-մեծ խորագիրներով լուրեր կը տարածեն, որ մի միայն ստութին կը հոտին: Աւելին՝ որոշ լրատուակայքեր արիւնալի նկարներ կը տեղադրեն, որոնք Արցախեան հարցին հետ առնչութիւն չունին, այլ արաբական գարունին կը պատկանին: Այդ լրատուակայքերը փորձելով այդպիսի սուտ լուրեր եւ կեղծ նկարներ տարածելով, կ’աշխատին մարդոց ուշադրութիւնը շեղել ճշմարտութենէ, եւ ո՛չ միայն մեր՝ հայերուս, այլեւ օտար հանրութեան, որովհետեւ դժբախտաբար օտարներուն շահերուն կը ծառայեն նման լուրերն ու նկարները, որոնց հեղինակներն ալ օտարներու ստրուկներ են եւ Հայ ազգի դաւաճաններ:
Զանգուածային լրատուական միջոցնե՛ր (ԶԼՄ), յարգելով մերօրեայ նահատակները, զգաստ եղէք եւ մեր նահատակներն ու Արցախի մէջ պատերազմող քաջարի Հայկական Բանակը դրամագլուխի մի՛ վերածէք՝ ձեր եւ ձեր տէրերուն մութ ու կեղտոտ շահերուն համար:
Անդին քաջալերելի է այն լրատուակայքերուն աշխատանքը, որոնք օրն ի բուն կը փորձեն ո՛չ միայն փաստացի եւ ճշմարիտ տեղեկութիւններ փոխանցել Արցախի դէպքերուն մասին, այլ նաեւ այն կարեւոր իրադարձութիւնները՝ զորս պէտք է օտար հանրութեան հասցնել ճիշդ կերպով, տարբեր լեզուներով կը փորձեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել օտար հանրութեան, որպէսզի աշխարհն ամէն իմանայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի այս օրերուն Արցախի մէջ:
Ի վերջոյ ոյժ եւ կարողութիւն մերօրեայ քաջարի հերոս զինուորներուն: Աստուած Ձեզ պահապան եւ զօրավիգ ըլլայ ձեր սրբազան առաքելութեան մէջ, որն է պաշտպանել մեր երկիրին սահմանները: Անդին թող որ իւրաքանչիւր Հայ իր նիւթական եւ բարոյական կարողութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակէ Հայկական Բանակին եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն, որոնք առժամեայ հեռացած են իրենց տուներէն, ամուր յոյս ունենալով, որ շուտով ետ պիտի վերադառնան:
«Արեւելք»