Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան ժամերէն ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի նախորդ օրը կէսօրին կնքուած համաձայնութիւնը՝ Արցախի շփման գիծին վրայ հրաձգութիւնները դադրեցնելու կապակցութեամբ: Նշենք, որ աւելի քան երեք օրերու բախումներէ ետք, երէկ համաձայնութիւն գոյացաւ դադրեցնելու հրաձգութիւնները: Հակառակ զինադադարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց՝ Արցախի ազատագրուած Քարվաճառ շրջանին մէջ երկու հայ զինուորներու մահուան մասին, առանց մանրամասնութիւններ յայտնելու: