Արժանթինի հայ համայնքը անմասն չմնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուող դէպքերուն, իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդին: Այս առիթով Ապրիլ 5-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ հարիւրաւոր արժանթինահայեր բողոքի երթ իրականացուցին՝ Արժանթինի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, անգամ մը եւս փաստելով իրենց միասնականութիւնը հայ ժողովուրդին: Այս մասին ըստ Hayernaysor.am-ի յայտնած է՝ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանը:
Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանի եւ հոգեւոր դասի առաջնորդութեամբ` նախ աղօթք բարձրացուցած են նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար, ապա համայնքի անունով ընթերցուած է բողոք-նամակ, որ յանձնուած է Ազրպէյճանի դեսպանատան:
Բազմաթիւ արժանթինահայեր ցանկութիւն յայտնած են անհրաժեշտութեան պարագային կանգնիլ իրենց եղբայրներու կողքին` միասնաբար պաշտպանելով Արցախ աշխարհը: