Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Սերժ Թանքեանը Յորդորած Է Էրտողանը Կարդալու Արցախի Պատմութիւնը

Ամերիկահայ յայտնի ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան կոչ ուղղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին պատմութիւն կարդալ` իմանալու, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական հայկական տարածք է: Այս մասին Թանքեանը գրած է իր Facebook-ի էջին վրայ։

«Կը կարծեմ Էրտողանը պատմութիւն չի կարդար: Լեռնային Ղարաբաղի պատմական իրաւական տէրերը հայերն են: Ստալինը անիկա տուած է Ազրպէյճանին: Սերժ Թանքեանը կ՝ըսէ, թէ իբր արեւելեան Թուրքիան եւս օր մը պիտի վերադառնայ իր իրական տէրերուն», նշած է ռոք երաժիշտը:

Նշենք, որ ան նախապէս եւս գրած էր, թէ կը դատապարտէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին Ազրպէյճանի գործողութիւններն ու այս հարցով Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը Պաքուին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին