*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ինչպէս միշտ ազերիական քարոզչական մեքենան օրեր շարունակ ջանաց՝ հայկական կողմը նախայարձակ եւ զինադադարը խախտող ներկայացնել, իսկ ազերի բանակը զոհ… եւ դժբախտաբար շատ յաճախ յաջողեցաւ…:
Պատճառները շատ են Պաքուի ունեցած լրատուական առաւելութիւններուն, քանի որ հոն կը գտնուին միջազգային լրատուական գործակալութիւններու գրեթէ բոլորը, իսկ մեր մօտ այդ մէկը մեծապէս կը պակսի, որովհետեւ ի վերջոյ նաւթահորերը հոն են…:
Ժամանակն է այս ուղղութեամբ լուրջ աշխատիլ՝ տեղեկատուական հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար, որ ինչպէս այս անգամ ալ փորձը ցոյց տուաւ՝ ռազմականի չափ կենսական է:
Մինչ այդ հրադադար է…։
Տեղին է մէջբերել Մոնթէին եւ ազատամարտիկներու միջեւ կայացած կարճ զրոյց մը, Արցախի ազատագրման պայքարի պատմութեան նմանօրինակ օրուան մը մէկ պահուն եղած.
- «Հրադադար է, տղաներ, յանկարծ չկրակէք», կը պատուիրէ Մոնթէն իր զինուորներուն:
- «Իսկ եթէ իրենք կրակե՞ն», կը հարցնէ տղոցմէ մին:
- «Մարերը լացացրէք», կ՛ըլլայ Մոնթէի պատասխանը…:
Հոգիին խաղաղութիւն Մոնթէին եւ Ղարաբաղի մէջ ինկած բոլոր հին ու նոր ազատամարտիկներուն: