Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

Երէկ կէսօրին, ՍԴՀԿի Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը, որուն աւարտին մասնակիցները հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։

Լիբանանահայ քաղաքական  կուսակցութիւնները մտահոգութեամբ կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին, որ միջազգային  իրաւունքի բոլոր չափանիշները խախտելով կը փորձէ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել շրջանին մէջ։

Ազրպէյճան իբրեւ նախայարձակ երկիր, ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի անզէն ժողովուրդին պատճառած իր մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար։ Կատարուած բարբարոսութիւնները եւ անոնց ընկերակցող ապատեղեկատուական լայն արշաւը խստօրէն դատապարտելի են եւ հարկ է, որ արժանանան միջազգային ընտանիքի պատշաճ ու գործնական վերաբերումին։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ամրագրուած է ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքով, անկախութեան համաժողովրդային հանրաքուէով, բայց մանաւանդ՝ հերոսական ժողովուրդի մը քաջարի զաւակներուն արեամբ ու քրտինքով։

Անցնող 25 տարիներուն համայն հայութեան ջանքերով կերտուած եւ պահպանուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, այսօր կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ, որոնց յաղթահարումը բոլորէս կը պահանջէ միասնակամ ու արտակարգ զօրակցութիւն։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այս պատերազմին մէջ առանձին չէ։ Ան իր հետ ունի բովանդակ հայութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի։

Լիբանանահայութիւնը, որ Ղարաբաղեան պայքարի առաջին օրէն գտնուած է համահայկական պայքարի ու յանձնառութեան առաջին դիրքերուն վրայ, ամբողջանուէր կերպով կը զօրակցի 25-ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականութեան, բանակին եւ ընկրկում չճանչցող ժողովուրդին։

Այս իմաստով լիբանանահայ երեք կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն մօտէն հետեւիլ Ղարաբաղեան նորագոյն զարգացումներուն եւ իրենց նիստերը բաց պիտի պահեն՝ հաւանական զարգացումներու հետ քայլ պահելու համար։

Միաժամանակ կուսակցութիւնները պիտի պատրաստուին Ապրիլեան միացեալ ոգեկոչման, Հայ Դատի հանդէպ իրենց անշեղ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու եւ մեր արդար պահանջատիրութեան երթը շարունակելու համար։

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին