Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Խաղաղութեան Եւ Զօրակցութեան Աղօթք Դամասկոսի Մէջ

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016-ին, Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սբ. եւ Անմահ Պատարագի տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, 1-2 Ապրիլ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի նախայարձակ թշնամական գոծողութեանց զոհ գացած նահատակ զինուորներու եւ անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։

Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան օրուայ քարոզին մէջ հաւատացեալներուն խօսեցաւ Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցող իրավիճակի մասին եւ հրաւիրեց ներկաները աղօթելու նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի հզօրութեան, խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ապա այս առնչութեամբ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութիւնը:

Կիրակնօրեայ Սբ. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հ Հ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Արշակ Փոլատեան: Սրբազան Հայրը Դեսպանին յայտնեց Դամասկահայ Ժողովուրդին եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը։

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 3 Ապրիլ 2016

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին