Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ճավատ Զարիֆ, Հայաստանի իր պաշտօնակից Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան դադրեցումը, տարածաշրջանային խաղաղության հաստատումը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վէճի կարգաւորումը: Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է դերակատարում ունենալու Ղարաբաղի խնդիրին մէջ, եթէ կողմերը հետաքրքրուած են: Զարիֆ այսօր Ռամսար քաղաքին մէջ կը հիւրընկալէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, 3 երկիրներու նախարարներուն միջեւ հերթական` 4-րդ հանդիպումի ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանային եռակողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ազրպէյճանական ծառայութեան՝ Էլմար Մամետիարով իր իրանցի եւ թուրք գործընկերները տեղեակ կը պահէ նաեւ՝ ղարաբաղյան շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին մասին: