Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Զգուշաւոր Զինադադար Արցախի Սահմանին Վրայ

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանային շփման գիծին վրայ զինեալ բախումները գրեթէ դադրած են: Այս մասին հաստատեցին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու բանբերները, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական կողմը: Տեղեկութիւններուն համաձայն, փոխ հրաձգութիւնները դադրած են երկու կողմերուն համաձայնութեամբ եւ տեղի կ’ունենան բանակցութիւններ, որոնց մանրամասնութիւնները տակաւին չեն բացայայտուած: Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կողմերուն շեշտած էր անմիջականօրէն կրակը դադրեցնել։

Վերջին չորս օրերուն այստեղ մարտական աշխոյժ գործողություններու զոհ գացին մի քանի տասնեակ մարդիկ, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներ: Թէժ մարտերը շարունակուեցան եւ պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախորդ գիշեր ալ ազրպէյճանական կողմը կիրառեց «Սմերչ» ռազմական համակարգ: Ատիկա տեղի ունեցաւ շփման գիծի հարաւային՝ Հատրութի ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան բանակը զոհերու կամ վիրաւորներու մասին չհաղորդեց: Նախօրէին ալ ազրպէյճանական կողմը օգտագործած էր ТОS ծանր հրետանային համակարգեր: Իրավիճակը նաեւ խիստ լարուած մնաց Մարտակերտի ճակատին վրայ:  Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարությունը հայտարարեց, որ հավատարիմ մնալով իր որդեգրած մարտավարութեան` երբեք քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակ չէ բացած, մինչդեռ հակառակորդը բացի Մարտակերտի եւ շրջակայ գիւղերու հրետակոծութենէն ետք, երէկ ռմբակոծած է նաեւ Մարտունի բնակավայրը: Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային շրջանին մէջ երէկ ազրպէյճանական զինուժի անօդաչու թռչող սարքը կամաւորներ տեղափոխող օթոպիւս պայթեցուցած է, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուած են 7 մարտիկներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին