Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Երեւան Պիտի Այցելեն

Մինսքի խմբակի համանախագահները Ապրիլ 9-ին պիտի այցելեն Երեւան, ապա Պաքու եւ Ստեփանակերտ: Վիեննայի մէջ տեղի կ’ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հանդիպումը։ ԵԱՀԿ-ի այժմու նախագահ պետութեան` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանկ-Վալտեր Շտայնմայեր երէկ ըսաւ, որ հանդիպումին պիտի մասնակցին խումբին մէջ ընդգրկուած երկիրներու դեսպանները։ Այդ կազմին մէջ են 11 երկիրներ` Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Պելոռուսիան, Չեխիան, Սլովաքիան, Գերմանիան, Իտալիան, Շուէտը եւ համանախագահող եռեակը` Ռուսիան, Ֆրանսան եւ ԱՄՆը։ Հանդիպումէն առաջ Շտայնմայըր եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին՝ կոչ ուղղեցին հայկական եւ ազրպէյճանական ուժերուն անյապաղ վերջ տալու բախումներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին