Երեքշաբթի, 21. 01. 2025

spot_img

Այս Է Հայուն Ճակատագի՞րը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Երէկ Պրիւքսէլ ապրող բարեկամի մը հետ համացանցի միջոցաւ հաղորդակցութեան մէջ էի: Վերջին օրերու հայ-ազերի սահմանի վրայ յառաջացող  իրադարձութիւններու կապակցութեամբ ան ըսաւ՝ «ինչ ընենք, այս է եղեր հայու ճակատագիրը»: Հայու ճակատագի՞րը: Շատ լսած եմ այս  արտայայտութիւնը, որ սակայն առաջին անգամ ըլլալով ընդվզում առաջացուց մէջս:

Ֆիլ Մըկրու, որ աւելի ծանօթ է հանրութեան Դոկտ. Ֆիլ (Dr. Phill) անունով, իր հեռատեսիլէն սփռուած յայտագիրի մը ընթացքին, ընտանիք մը հիւրընկալած էր՝ հայր, մայր եւ պատանի աղջնակ մը: Հայրը անձ մըն էր, որ յաջորդական շարք մը ձախողութիւններէ ետք, այլեւս յանձնուած իր «ճակատագիրին»՝  համոզուելով, որ ձախողութիւնն էր կեանքէն իրեն վերապահուած վիճակը: «Երբ ճամբան կամ շուկան ըլլամ, միշտ կը զգամ, որ մարդիկ զիս կը հետապնդեն իրենց նայուածքներով», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ իր կողքին նստած  կողակիցն ու երիտասարդ դուստրը, երկուքն ալ Դոկտ. Ֆիլին սկսան գանգատիլ իրենց ամուսինին եւ հօր հոգեբանական հիւանդագին  վիճակի մասին: Դոկտ. Ֆիլ ընդհատելով պարագաներու երկար գանգատի շղթան ըսաւ՝ «կը ներէք, վայրկեան մը. առաջին հերթին՝ դուք միշտ այս գանգատներո՞վ  կը դիմաւորէք զինք»: «Այո» շշմած պատասխանեցին անոնք: «Եւ միշտ իրեն «դուն մարդ չես ըլլար»  յանկերգը կրկնելով , այն ակնկալութիւնը ունիք, որ ինք իր վիճակը պիտի բարելաւէ՞», աւելցուց ան: Յանկարծ կինն ու դուստրը անդրադարձան իրենց սխալին: Ապա դառնալով մարդուն հարցուց՝ «դուն համոզուա՞ծ ես, որ այլեւս ոչ մէկ լաւ բան  մը կրնաս ընել»: «Համոզուած եւ վստահ եմ», իր «իրականութեան» յանձնուած պատասխանեց ան: «Եւ այդ պատճառաւ միշտ այն զգացումը ունիս, որ միշտ մարդիկ  քեզմով հետաքրքրուա՞ծ են», ըսաւ դոկտորը: «Այո», եղաւ պատասխանը :  Դոկտ. Ֆիլ  եզրակացնելով ըսաւ. «Նախ դուն քեզ չես կրնար նոյնացնել կեանքիդ մէջ պատահած բացթողումներուդ հետ: Սխալներ կեանքի բնական երեւոյթներ են եւ զանոնք շրջանցելով շարունակել մեր այս աշխարհի ճամբորդութիւնը, մեր պարտականութիւնն է: Ինչ կը վերաբերի «ամէն մարդ զիս կը հետապնդեն’ին, այդ մէկը քու միտքի երեւակայութիւնն է: Հաւատայ ինծի ամէն մարդ այնքան ուրիշ մտահոգութիւններ ունի, որ ժամանակ իսկ չունի քեզմով զբաղելու», ըսաւ ան:

Երբ լսեցի «այս է հայուն ճակատագիրը» արտայայտութիւնը,  Դոկտ. Ֆիլի  յայտագիրը յիշեցի: Կարծէք մենք ալ այդ հօր նման, ամէն անգամ որ դժբախտութեան մը հանդիպինք, մեր ազգի փառքն ու յաղթանակները, պատմութիւնն ու անցեալը, ներկան եւ անոր պայքարը կը նոյնացնենք դժբախտութեան մը հետ, որ անցողակի է, ինչպէս ամէն ինչ այս աշխարհի մէջ՝ լաւն ու վատը նոյնանման են: Ո՞վ ըսաւ, որ մեր բաժինը աշխարհի պատմութեան մէջ, զոր ոմանք «ճակատագիր» կը կոչեն, միայն ցաւ ու տառապանք է:

Եկէք սերտենք աշխարհի պատմութեան ընթացքը. հոն պիտի տեսնենք, որ ան փոթորկալի ծովու ալիքներու նման ելեւէջներով լեցուն է: Օրինակի համար՝  կը կարդանք այսինչ թագաւորը արդար էր եւ իր օրերուն ժողովուրդը 40 տարիներ բարգաւաճ ու խաղաղ կեանք մը ապրեցան: Ապա՝ անոր որդին թուլամորթ էր, ոչ միայն կորսնցուց իր հօր գրաւած տարածքները, այլ իր անձնական հաճոյքներուն յանձնուելով՝ երկիրը պահելու իր պարտականութիւնը անտեսեց եւ ժողովուրդը երկար տարիներ տնտեսական տագնապ ու պատերազմներ եւ արհաւիրք ապրեցան: Այս մարդկային կեանքի իրականութիւնն է:

Այլ օրինակ մը՝ նկատի առնենք Ճափոնը: Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջաւորութեան Հիրոշիմայի վրայ Ամերիկայի նետած աթոմական ռումբի պատճառած  կորուստն ու մահը:

2

Ան ոխն ու վրէժը մէկ կողմ դրած, աշխատեցաւ իր երկիրին եւ ազգին բարգաւաճման համար ու դարձաւ արդի աշխարհի ամենամեծ ելեկտրական սարքեր արտադրող երկիրներէն եւ տնտեսական կայունութեան ապրող հսկաներէն մին:

3

Երկիրը կը գտնուի երկրաշարժի գօտիի վրայ  եւ մերթ ընդ մերթ կը լսենք մեծ կորուստներ, զոր Ճափոն կ’ապրի երկրաշարժներու պատճառով: Արդեօ՞ք Ճակատագիր է կ’ըսէ ան: Ընդհակառակը ամէն անգամ դարձեալ ոտքի կը կանգնի, կը վերանորոգէ քանդուածը եւ կը շարունակէ կեանքը:

Հայերս մեր բաժինը ունեցած ենք եւ տակաւին կ’ունենաք այս կեանքի հրամցուցած ելեւէջներէն:  Յանձնուի՞լ՝ կարելիութիւն նոյնիսկ չէ հայուն համար: Նստիլ եւ ինքզինք մտրակել (self pitty party)՝ «ինչ խեղճ ենք մենք» ըսելով, հայու վայել նկարագիր չէ: Մեզի ալ վիճակուած է այն, ինչ որ բոլոր մարդկութեան մասն ու բաժինն է՝  լաւ եւ բարգաւաճ օրեր, պատերազմի եւ պայքարի ժամանակներ: Մեր միակ «ճակատագիր»ը յաղթանակն է եւ մեր Հայրենիքն ու ազգը պահելը:

4

Ահաւասիկ Հայու ճակատագիրը…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին