Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆը Ղարաբաղի Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործընթացին Կը Սատարէ

ԱՄՆը հետեւողականօրէն կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման Մինսքի խումբի գործընթացին: Այս մասին յայտարարեց ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխ բանբեր Մարք Թոնըր: «Մենք վճռականօրէն կը սատարենք համանախագահներու միջնորդական ջանքերը՝ նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի արդարացի կարգաւորման՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿի ուխտի եւ Հելսինքեան եզրափակիչ ուխտի, յատկապէս ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու վրայ», ըսաւ Թոնըր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին