Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ազրպէյճանական Հերիւրանքները Կը Շարունակուին

Ըստ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, 3 ազերի զինուորներ սպաննուած են, երբ հայկական ուժերը փորձած են ետ գրաւել կորսնցուցած դիրքերը՝ ռմբակոծելով զանոնք: Ռմբակոծութիւնները հիմնականօրէն տեղի ունեցած են Մարտակերտ-Թարթառ եւ Մարտունի-Ֆիզուլի ուղղութիւններով: Պաշտօնական Պաքուն պնդեց, որ ազրպէյճանական զօրքերու կողմէ գրաւուած դիրքերէն որեւէ մէկը չէ վերագրաւուած հայկական ուժերուն կողմէ: Պաքու հաղորդեց նաեւ, որ ազրպէյճանցի քաղաքային մը զոհուած է Աղտամի շրջանի Շարիֆլի գիւղի ռմբակոծութեան հետեւանքով: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով, շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն յղուած նամակի մը մէջ ընդգծեց, հակամարտութեան շարունակման եւ իրավիճակի սրման պատճառը՝ «Հայաստանի զինուած ուժերու առկայութիւնն է Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ»: Մամետիրաովի խօսքով «քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ Հայաստանի զինուած ուժերու սադրանքները կանխելու նպատակով, Ազրպէյճանը դիմած է անհրաժեշտ քայլերու»: Աւելի վաղ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած էր հերթական յայտարարութեամբ՝ իրավիճակի ու յետագայ գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը դնելով Հայաստանի վրայ: Ազրպէյճանը պնդած էր, որ հայկական կողմը նախայարձակ եղած է, իսկ իրենք անցած են հակագրոհի: Պաշտօնական Պաքուն հաղորդեց հայկական կողմին պատճառուած կորուստներուն մասին, իսկ սեփական կորուստներու մասին նշեց, որ մինչեւ երէկ կորսնցուցած է 15 զինուոր, Մի-24 ուղղաթիռ եւ ականի վրայ պայթած մէկ հրասայլ: Հայկական կողմը Ազրպէյճանի յայտնած այս տույալները կը համարէ իրականութեան չհամապատասխանող քարոզչութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին