*ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ*
Նկատի ունենալով մեր պաշտօնակից Աբօ Պողիկեանին արծարծած հարցը՝ հայ տպագիր մամուլի յարատեւման պարագան, որ ազգային համընդհանուր մտահոգութիւն կը դրսեւորէ, ստորեւ կը ներկայացնենք զայն մեր ընթերցողներուն։
«Խմբ.»
Լիբանանահայ մամուլի երկու գործիչներ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ ՌԱԿի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, առանձին յօդուածներով անդրադարձած են Լիբանանի մէջ տպագիր մամուլին դիմագրաւած տագնապին՝ տեղական յայտնի թերթերու տխուր կացութեան լոյսին տակ, միեւնոյն ժամանակ արծարծելով հայկական տպագիր մամուլին սպասող ո՛չ այնքան փայլուն հեռանկարին հետ կապուած խնդիրներ:
Տպագիր մամուլը աշխարհով մէկ կը դիմագրաւէ նոյն խնդիրները. ընթերցողներու թիւի նուազում, որուն հետեւանքով՝ կը նուազին նաեւ ծանուցումներէն ապահովուած եկամուտները, որուն հետեւանքով՝ թերթերը կը պարտադրուին կրճատումներ կատարելու, անձնակազմ փոքրացնելու եւ լրատուական դաշտը սահմանափակելու, ի վերջոյ՝ իրենք զիրենք դատապարտելով ամբողջական դադրեցումի:
Ամերիկայի մէջ, մե՛նք ալ ականատես ենք տեղական բազմաթիւ յայտնի թերթերու խեղճացման: «Ասպարէզ»ն ալ անշուտ, զերծ չի կրնար ըլլալ այս դժուարութիւններէն, ու պէտք է ակնկալել, որ հետզհետէ անոր առջեւ կանգնած խնդիրները բարդանան ու բազմանան:
Այս հանգրուանին շնորհիւ մեր բաժանորդներու հաւատարմութեան, շնորհիւ մեր հովանաւորներու եւ բարեկամներու նուիրատուութեանց, ինչպէս նաեւ թերթի տարածման նոր նախաձեռնութիւններով եւ ծանուցողներու կարիքներուն հանդէպ ցուցաբերուած զգայուն վերաբերմունքով, կրցած ենք առնուազն ժամանակաւորապէս լուծել որոշ խնդիրներ, միաժամանակ պատրաստուելով անխուսափելիին, տպագիր տարբերակէն կամաց-կամաց առցանց ներկայանալու միջոցին:
Վերջին տարիներուն մեր առցանց մատուցումը քաջալերուած է, ու բնականաբար աւելցած է «Ասպարէզ»ի կայքին վրայ ծանուցում զետեղելու հետաքրքրութիւնը:
Յամենայնդէպս տակաւին հեռու ենք առցանց ծանուցումներէն ինքնաբաւութեան հասնելու կարելիութենէն: Մինչ այդ մենք հաւատարմօրէն պիտի շարունակենք թերթի տպագիր հրատարակութիւնը այնքա՛ն ատեն, որ զայն գնահատողներ կան, այնքա՛ն ատեն, որ մենք կը դիմանանք:
Կը վստահեցնենք նաեւ, որ տակաւին երկա՜ր դիմանալու ներուժը չի պակսիր մեզի:
«Ասպարէզ»