Մարտ 29-ին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի ՀՀ դեսպանատան մէջ, դեսպան Արտակ Ապիտոնեան ՀՀ քաղաքացիի առաջին անձնագիրեր յանձնեց Սոնա, Լուսինէ եւ Արսինէ Տէմիրեաններուն: Այս մասին կը տեղեկանանք դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»ի էջէն:
Շնորհաւորելով դեռահասները ՀՀ քաղաքացիութեան ձեռք բերման կապակցութեամբ` դեսպան Ապիտոնեան նշեց, որ սա կարեւոր պահ է Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար, որոնք հնարաւորութիւն ունին ստանալու ՀՀ անձնագիրեր` ալ աւելի ամրապնդելով իրենց կապը Հայաստանի հետ եւ վերահաստատելով իրենց ձգտումը մշտապէս ըլլալու մայր Հայրենիքի կողքին: