ՀՀ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմով ԱՄՆ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին: Այս մասինի կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ամերիկացի համանախագահին ուշադրութիւնը հրաւիրած է՝ Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի շարունակական խախտումներուն վրայ: «Պաքուն անտեսելով համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահութեան յատուկ ներկայացուցիչին համատեղ կոչը` հանդարտութիւն պահպանել կրօնական տօներու օրերուն, աշխուժացուցած է հրադադարի կոպտագոյն խախտումները Սուրբ Զատիկի նախաշեմին եւ օրերուն», նշած է ԱԳՆ ղեկավարը:
Էտուարտ Նալպանտեան ընդգծած է. «Ազրպէյճանի այսպիսի սադրանքները օրինաչափութիւն դարձած են: Նոյնը կը կատարուի նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ: Եթէ նախապէս Պաքուն զանազան միջոցներով կը խոչընդոտէր բանակցութիւնները, կը փորձէր հարցը տեղափոխել այլ հարթակներ, այժմ սակայն հաւանաբար տեսնելով իր քայլերուն անարդիւնաւէտութիւնը, ոչինչ կրցած է յօրինել՝ քան Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ հանդիպումներէն հրաժարիլը»: Նախարար Նալպանտեան շեշտած է, որ անշուշտ ասիկա բանակցային գործընթացի եւ համանախագահներու վրայ ճնշում գործադրելու հերթական ապարդիւն փորձ է:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման հնարաւորութիւններուն շուրջ: