Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գիրքեր Նուիրեց Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանին

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,  Մարտ 31-ին ԱՄՆ-ի մէջ այցելած է Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարան:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեանի եւ այլ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջած է վարժարանին մէջ, հետաքրքրուած կրթական այս հաստատութեան ընթացիկ գործունէութեամբ, առկայ խնդիրներով ու ծրագիրներով, ծանօթացած վարժարանի սաներուն եւ ուսուցիչներուն հետ: ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ գիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր նուիրած է Վարժարանին:

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կողմէ հիմնուած շուրջ 30-ամեայ պատմութիւն ունեցող այս կրթօճախը կը յաճախեն՝ համայնքի ամենատարբեր տարիքի 170-է աւելի երախաներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին