«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատական հայցով զբաղող յայտնի փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հարցը ուսումնասիրութեան համար յանձնած է արդարադատութեան նախարարութեան:
Սոֆուօղլու յայտնած է, որ Սահմանադրական դատարանը հարցին կապակցութեամբ կը սպասէ արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտին: Որովհետեւ Սահմանադրական դատարանին մէջ բացուած իւրաքանչիւր դատ կը նկատուի պետութեան դէմ բացուած դատ, հետեւաբար բարձրագոյն դատարանն ալ պետութեան տեսակէտին վերահասու դառնալու համար՝ հարցը կը փոխանցէ արդարադատութեան նախարարութեան: Փաստաբանին նախատեսութիւններով` հինգ ամսուան ընթացքին դատը կրնայ հասնիլ աւարտին: Արդարադատութեան նախարարութեան եզրակացութիւնը ունենալէ ետք, Սահմանադրական դատարանը զայն պիտի փոխանցէ Ճեմ Սոֆուօղլուին: Վերջինս երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ իր մօտեցումն ու արդէն պէտք է հասնի վճիռի հանգրուան:
Սոֆուօղլուի կարծիքով վճիռը կրնայ արձակուիլ կա՛մ այս ամառ` արդարադատութեան համակարգի տարեկան արձակուրդէն անմիջապէս առաջ, կա՛մ այդ արձակուրդին յաջորդող շրջանին` Սեպտեմբերին: Փաստաբանը կարծիք յայտնած է, որ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նիւթը արդարադատութեան նախարարութիւն ուղարկելը շատ կարեւոր է, որովհետեւ «ատիկա կը նշանակէ, թէ պետութիւնը լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ գործին եւ մանրամասն քննարկումներ կը կատարէ»:
«Պէտք է ընդունիլ, որ շատ դժուար է այսպիսի դատ շահիլը: Շատ աշխատած ենք: Բայց եւ այնպէս իբրեւ փաստաբան, ես այս դատը բացած եմ շահելու համար», ըսած է Սոֆուօղլու: