Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ողբացեալ Կարօ Ճղըլեանի Մահուան Առիթով Յանուն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին Եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Վիգէն Չերչեանի Դամբանականը

ԾԽ. ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  Լիբանանի մեծ ընտանիքները խոր ցնցում ապրեցան, նուիրեալ միութենական Կարօ  Ճղըլեանի անժամանակ  շիջումով:  Գոյժը  ցնցեց  համայն Լիբանանահայութիւնը: ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանակային  Յանձնաժողովը եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութիւնը՝  Երկուշաբթի,Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, 28, 29 եւ 30 Մարտ 2016-ը յայտարարեցին եռօրեայ սուգ:

Սիրելի սգակիր  միութենականներ, հարազատներ  եւ բարեկամներ: Հաւաքուած ենք վերջին հրաժեշտը տալու սիրելի Կարոյին, հարազատ  միութենականի մը, որ այսպէս անսպասելի ձեւով հրաժեշտ կու տայ մեզի:

Այսօր, այս պահուն, անկարելի  պիտի  ըլլայ  չանդրադառնալ Կարոյի նկարագիրին  կարգ մը գիծերուն, որոնք կազմեցին անոր անհատականութիւնը, հաւատքն ու նուիրումը՝ իր սիրելի միութեան, ազգին, ընտանիքին ու շրջապատին։

Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք, որովհետեւ ինք ալ կը սիրէր ու կը յարգէր բոլորը։ Այդպէս ալ մնաց  մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը:  Ընկերասէր ու ընկերային մարդ էր Կարոն: ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պարծանքն էր ան, տիպար ՀԵԸ-ական մըն էր, բառի անբիծ իմաստով:

Կարօ Ճղըլեան  ծնած է Պէյրութ, հայկական տոհմիկ ընտանիքի զաւակ:  Փոքր տարիքէն  կը միանայ  ՀԲԸՄ-ի  Հայ  Երիտասարդաց Ընկերակցութեան սկաուտական շարքերուն:  Գործունեայ մասնակցութիւն  կը բերէ  ՀԵԸ-ի  երիտասարդական կազմերու  աշխատանքներուն: Ան կը դառնայ  ՀԵԸ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի  Գործադիր  Մարմինի անդամ,ապա ատենապետ:  Հետագային Կարօ Ճըղըլեանը կը տեսնենք  Հայ  Երիտասարդաց  Ընկերակցութեան  Կեդրոնական  Վարչութեան անդամ, ապա ատենապետ, Հայկական Բարեգործական  Ընդհանուր  Միութեան  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Փոխատենապետ:

Նախանձախնդիր էր մեր հաւաքական կեանքի բարելաւման ու կազմակերպման համար:  Ան գործունեայ  ներկայութիւն մըն էր  լիբանանահայ  համայնքի ազգային եւ հասարակական  կեանքին մէջ: Արժանաւորապէս  ընտրուեցաւ Լիբանանի հայոց  թեմի ազգային երեսփոխան:

Կարօ  Ճղըլեան  կը սի­րէր գոր­ծը, քան՝ խօս­քը: Ան խս­տա­պա­հանջ եւ ուղղա­միտ միու­թե­նա­կան էր: Բծախնդ­րօ­րէն վա­րեց  իրեն վստահուած  բոլոր  պարտականութիւնները եւ իր օգ­տա­կար ներդ­րու­մը ու­նեցաւ երիտա­սարդ­նե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մէջ:

Իր եր­կա­րամ­եայ ծա­ռա­յու­թեան շր­ջա­նին, մարզական եւ սկաուտական շարժումներուն  կողքին, Կարոն մօտէն կը հետեւէր մեր մշակութային շարժումներուն: Մեծապէս նպաստեց  մեր մշակութային  կեանքի վերելքին: Ջերմօրէն  կը  յարգէր մշակոյթի արժէքները:  Այստեղ պարտք կը զգամ յիշել, թէ Կարոյին առաջարկով եւ ՀԲԸՄ-ի  Շրջանակային  Յանձնաժողովին  հաւանութեամբ,  «Արին» կոչուեցաւ ՀԵԸ-ի պարախումբի միաւորը, ի յիշատակ Արին Չերչեանի դառն կորուստին:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ  Հայ  Երիտասարդաց   Ընկերակցութիւնը եղաւ իր երկրորդ ընտանիքը, ուր ինք մեծ ներդրում ունեցաւ: Խօսուն օրինակ մը՝ մեծ եղաւ  անոր  դե­րը  Հայաստանի մէջ «Անդրանիկ» սկաուտական  բանակումի կեդրոնը  իրականացնելու  ուղղութեամբ:

Սիրելի Կարօ, դուն ձգեցիր միայն բարի ու լաւ յիշատակներ։ Ամէն անգամ խոր կսկիծով պիտի յիշենք կորուստդ, բայց ուրախութեամբ ու ժպիտով պիտի յիշենք ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի սիւներուն տակ մեր ապրած օրերը, կատարած իրագործումները: Քեզի պիտի  յիշենք երիտասարդ եւ  աւիւնով, կեանքի  սիրով ու կորովով: Մեծ  պատիւ եւ երջանկութիւն էր  ունենալ  քեզի նման նուիրեալ  միութենական, մարդ եւ ընտանիքի հայր մը:

Յանուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի, յանուն  Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան  Կեդրոնական  Վարչութեան եւ բոլոր միաւորներուն, մեր խորազգած  ցաւակցութիւնները կը յայտնենք  հանգուցեալ Կարօ  Ճղըլեանի  կողակիցին, մեր սիրելի Սեդային, զաւակներուն՝ Յակոբին եւ Անիին, ընտանեկան  պարագաներուն, բոլոր միութենականներուն եւ բարեկամներուն, այս ցաւալի կորուստին առիթով:

Սիրելի Կարօ, երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք քու յիշատակիդ առջեւ: Ֆիզիքապէս հեռացար մեզմէ, բայց՛ քու աշխատանքդ եւ վաստակդ յաւերժ պիտի ապրին մեր սիրտերուն մէջ:

Յարգա՛նք քեզի, հողը թեթեւ գայ վրադ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին