ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն մտադիր է Ապրիլի վերջը առաջին անգամ պաշտօնական այցով Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելել, ինչպէս նաեւ երկրորդ անգամ ըլլալով Վրաստան: Այդ մասին ըստ «Արմէնփրես»ի «ԹԱՍՍ»ին յայտնած են համաշխարհային կազմակերպութեան քարտուղարութենէն:
«Չեմ կրնար յստակ ժամկէտներ նշել, բայց ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿի մէջ Կլիմայի վերաբերեալ Փարիզի համաձայնագիրի ստորագրման արարողութենէն ետք», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը: Փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի Ապրիլ 22-ին:
ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք ոչ հաստատած է, ոչ ալ հերքած յառաջիկայ այցի մասին տեղեկութիւնը: «Մենք չենք կրնար ատիկա հաստատել, սակայն յուսով եմ, որ շուտով ըսելիք կ’ունենանք ատոր վերաբերեալ», ըսած է ան` պատասխանելով հարցումին: