Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Խաչատուր Աբովեան

Հայ նոր գրականութեան եւ մանկավարժութեան հիմնադիր Խաչատուր Աբովեան ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1809ին, ներկայիս Երեւանի շրջագիծին մէջ ինկող Քանաքեռ գիւղին մէջ: 9 տարեկանին ապրած եւ ուսանած է Էջմիածինի մէջ: 1819-22 յաճախած է Էջմիածինի վանական դպրոցը, 1824-26ին Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, ուր ուսանած է հայկաբանութիւն, ճարտասանութիւն, ռուսերէն եւ պարսկերէն:

Խաչատուր Աբովեան 27 Սեպտեմբեր 1829ին, Դորպատի (Էսթոնիա) համալսարանի փրեֆեսոր Ֆ. Պարրոտի արշաւախումբին հետ բարձրացած է Արարատ լերան գագաթը եւ այդ «սրբապղծութեան» համար հալածուած է հոգեւորականներուն կողմէ: 1830-35ին Պարրոտի աջակցութեամբ պետական թոշակով ուսանած է Դորպատի համալսարանին մէջ: 1836ին վերադարձած է Հայրենիք եւ ծաւալած է լուսաւորական գործունէութիւն, սակայն հոգեւորականութիւնը անվստահութեամբ վերաբերած է՝ «այլադաւաններ»ու միջավայրի մէջ կրթուած Աբովեանին հետ: Չհամակերպելով Էջմիածինի դիրքորոշման, ան հրաժարած է հոգեւոր կոչումէ:

Տարբեր կողմերէ իր ծրագիրները խոչընդոտուած ըլլալով եւ ծանր պայմաններու մէջ յայտնուելով, ինչպէս նաեւ հոգեկան ծանր ճգնաժամի մէջ մինակ ու մեկուսացած ապրելով, Խաչտուր Աբովեան 2 (14) Ապրիլ 1848ի վաղ առաւօտեան դուրս եկած է իր տունէն եւ չէ վերադարձած: Անոր ողբերգական վախճանի հանգամանքները չեն պարզուած վերջնականապէս եւ չեն յստակացած մինչեւ այսօր:

Խաչատուր Աբովեան հակառակ իր ապրած դժուար կեանքին, կրցած է ստեղծագործել մէկէ աւելի երկեր: Իր նշանաւոր գործերն են «Պարապ Վախտի Խաղալիք», զոր գրած է 1834-41 միջեւ եւ «Վէրք Հայաստանի» գլուխ գործոցը, զոր գրած է 1841ին եւ հրատարակուած է 1858ին:

Խաչատուր Աբովեանի անունով կոչուած են Հայաստանի մէջ շրջան մը, քաղաք մը, երկաթուղային կայարան մը, Երեւանի մէջ հայկական մանկավարժական համալսարանը եւ այլ հաստատութիւններ, պուրակներ ու փողոցներ: Անոր արձանները կանգնեցուած են մայրաքաղաք Երեւանի եւ Քանաքեռի մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Խաչատուր Աբովեանի    տուն-թանգարանը:

Հայ արդի գրականութեան եւ աշխարհաբարի /արեւելահայերէն/ հիմնադիր, մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի յիշատակին նուիրուած է նշանաւոր երգ մը, որուն բառերը կու տանք ստորեւ.

 

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ

Հայաստանի վէրքի երգիչ,
Լուսապայծառ Աբովեան,
Խօսում ես մեր սըրտի խորքից,
Մեզ հետ ես դու յաւիտեան:
Քո սեւ դարում դու ազգերի
Եղբայրութիւն տենչացիր,
Ազատութեան վառ երգերի
Ոսկի սերմեր ցանեցիր:

Դու փըրկարար ռուս մեծ ազգին
Փառքի երգեր ձօնեցիր,
Նրա խիզախ, հըզօր հոգին
Քո մեծ սրտով սիրեցիր:
Երանի՜ թէ մի օր յանկարծ
Քանաքեռից իջնէիր
Եւ քո սիրած Նորքում կանգնած՝
Երեւանին նայէիր:

Արեւազարդ, զըուարթ Նորքից
Գայիր մեր մեծ խընճոյքին,
Եւ քեզ տանջող քո հին վէրքից
Յաւէտ բուժուէր քո հոգին:

Ժողովրդի զաւակն ես դու՝
Կորած անյայտ, անդամբան,
Բայց միշտ կ’ապրես դու մեր սրտում,
Մեր մեծ, անմահ Աբովեան։

 

Խօսք՝ ՍԱՐՄԷՆ
Երժշտ. ԱՐԱՄ ՄԵՐԱՆԿՈՒԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին