Մարտ 31-ին եւ լոյս Ապրիլ 1-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ շարունակուած է լարուած վիճակը:
Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2700 կրակոցներ:
Սահմանագծի գրեթէ բոլոր հատուածներուն վրայ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է տարբեր տրամաչափի ականանետեր եւ նռնականետեր: Հրետակոծութեան ենթարկուած են յատկապէս առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան` Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը, որոնց ուղղութեամբ 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ արձակուած են 52 արկեր:
Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ազրպէյճանական զինուժի աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ դիմած են պատժիչ գործողութիւններու եւ անոնց ստիպած ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը սրելու յետագայ քայլերէ: