Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

National Geographic-ը Պիտի Ուսումնասիրէ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Հնարաւորութիւնը

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) բարեգործական հիմնադրամը եւ National Geographic Partners (NGP) ընկերութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր` Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի կայուն զարգացման հնարաւորութիւններու նախնական ուսումնասիրութիւն իրականացնելու վերաբերեալ, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

Նախնական ուսումնասիրութիւնը պիտի ներառէ՝ Հայաստանի մշակութային եւ բնութեան գրաւչութիւններու ներուժի զարգացման ուղղուած խորհրդատուութիւններ` հիմնուած կայուն զբօսաշրջութեան երեք հիմնասիւնի վրայ:

2016ի Ապրիլի վերջը National Geographic Traveler ամսագիրի խմբագիր Քոսթաս Քրիսթը պիտի այցելէ Հայաստան` National Geographicի անունով զբօսաշրջութեան զարգացման նախնական գնահատումը իրականացնելու համար:

Քոսթաս Քրիսթը կայուն զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար մասնագէտներէն է: Ան կ՛աշխատի National Geographic-ի զբօսաշրջային խումբի հետ, ուր  հանդէս կու գայ որպէս կայուն զբօսաշրջութեան եւ National Geographic Unique Lodges of the World ցանցի արտերկիրի հաշուեքննութեան ղեկավար:

Հայաստան կատարելիք հետազօտական այցի ծիրէն ներս Քրիսթը պիտի հանդիպի Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու, համայնքներու առաջնորդներու, գործարարներու եւ զբօսաշրջային գործակալութիւններու հետ` գնահատելու Հայաստանի մէջ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման այնպիսի հնարաւորութիւններ, որոնք պիտի ապահովեն երկիրի տնտեսական աճը` միաժամանակ երաշխաւորելով բնութեան եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնն ու անոնց փոխանցումը գալիք սերունդներուն:

Սերտ աշխատելով IDeA հիմնադրամի հետ` Քրիսթը կայուն զբօսաշրջութեան սկզբունքներու եւ փորձի համաշխարհային չափանիշերու վրայ հիմնուած խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ:

«Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, որ կրնայ հպարտ ըլլալ իր հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ: Այդ ժառանգութիւնը պահպանելը եւ շրջակայ միջավայրի մասին հոգ տանիլը առանցքային նշանակութիւն ունին, Հայաստանի կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման ռազմավարութեան համար` հայաստանցիներու ընկերա-տնտեսական բարեկեցութիւնը ապահովելու տեսանկիւնէն: Շուտով պիտի սկսիմ աշխատելու հեռուն նայող կազմակերպութեան` IDeA հետ, Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու համար», ըսած է National Geographic Traveler ամսագիրի խմբագիրը:

«Մենք կը սկսինք աշխատանքը National Geographic Partners ընկերութեան հետ: Մեր գործակցութեան շնորհիւ պիտի բացայայտուի Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու լաւագոյն միջոցները, որոնք պիտի ներառուին IDeA-ի Զբօսաշրջութեան զարգացման ռազմավարութեան մէջ», ըսած է IDeA հիմնադրամի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Էտկար Մանուկեանը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին