Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Զօրամասերէն Մէկուն Մէջ Զինուոր Մը Մահացած է

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի 4-րդ պահակակէտի տարածքին մէջ գտնուող ելեկտրական կայանին մէջ, յայտնաբերուած է պահակակէտի վերակարգին մէջ գտնուող պարտադիր ժամկետային զինծառայող, շարքային Սարգիս Սմբատի Մանուկեանը անգիտակից վիճակի մէջ` էլեկտրահարուած:

Սարգիս Մանուկեանը Արարատի հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է:

Քննչական կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ` Քրէական օրէնսգիրքի 376-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (անփոյթ վերաբերմունքը ծառայութեան նկատմամբ` եթէ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ):

Իսկ Մարտ 30-ին սահմանագիծին վրայ զինուոր մը վիրաւորուած է: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան փոխանցած է, որ զինուորին վիճակը ծանր եղած է, սակայն «բարելաւման որոշակի միտումներ կան»: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ դեռ չեն փոխանցուած:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին