Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Իրան $2 Միլիոն Դրամաշնորհ Յատկացուցած Է Մեղրին Եւ Ագարակը Բնական Կազով Ապահովելու Համար

Իրանական «Սաներջի» (Sanergy) ընկերութիւնը մինչեւ 2016-ի աւարտը կազով պիտի ապահովէ Հայաստանի սահմանամերձ քաղաքները: Համապատասխան որոշումը ընդունուած է կառավարութեան Մարտ 31-ի նիստին:

Իրանի աջակցութեամբ իրականացող Հայաստանի Իրանի հետ սահմանամերձ բնակավայրերու կազի բաշխման ցանցի կառուցման՝ դրամաշնորհային ծրագիրի իրականացման գլխաւոր կապալառու իրանական «Աաներջի» ընկերութեան թուլտուութիւն տրուած է` ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ ընկերութեան միջեւ 2011-ի Դեկտեմբեր 26-ին կնքուած յուշագիրի ծիրէն ներս:

Իրանի կառավարութիւնը համաձայնած է յուշագիրի ծիրէն ներս որպէս դրամաշնորհ տրամադրել $2 միլիոն, Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու կազի բաշխման ցանցի կառուցման ծրագիրի իրականացման համար: Ատոր համաձայն հայկական կողմը իր վրայ վերցուցած է յուշագիրի ծիրէն ներս տրամադրուող միջոցներու հաշուին ապրանքներու մատակարարման, ծառայութիւններու մատուցման եւ ապրանքներու ներմուծման գործարքներէն գանձուող հարկերու, մաքսատուրքերու եւ այլ պարտադիր վճարներու հետ կապուած ծախսերը:

2013-ին աւարտած են նախագծման աշխատանքները եւ սկսած են համապատասխան սարքերու, սարքաւորումներու եւ նիւթերու մատակարարումները: Սակայն շինարարական աշխատանքները չեն մեկնարկած` պայմանաւորուած Իրանի կողմէ ծրագիրի ֆինանսաւորման կասեցումով: 2015-ի Հոկտեմբեր ամիսէն իրանական կողմը վերսկսած է ծրագիրի ֆինանսաւորումը եւ անոր գլխաւոր կապալառու «Սաներջի» ընկերութեան կողմէ շարունակուած ու աւարտած են Իրանէն համապատասխան սարքերու, սարքաւորումներու եւ նիւթերու մատակարարումները:

Աշխատանքներու իրականացման ժամանակացոյցին համաձայն, շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին 2016-ի սկիզբը, աւարտը` 6-7 ամսուայ ընթացքին:

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին