Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ազգային Պարերու Միջազգային Փառատօն Մոսկուայի Մէջ

Ապրիլ 17-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ` Մոսկուայի «ЗИЛ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայորդիք» ազգային պարերու միջազգային ամէնամեայ փառատօնը: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի կը տեղեկացնէ փառատօնի ղեկավար, «Հայորդիք» երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Անահիտ Սարգսեան:

Արդէն երրորդ անգամ իրականացող փառատօնի նպատակն է` սփիւռքեան տարբեր համայնքներէն ներս գործող պարախումբերու մասնակցութեամբ, օտարութեան մէջ ապրող հայերուն հայրենասիրական շունչ ու ոգի փոխանցել, իսկ մատաղ սերունդին հոգիներուն մէջ` ազգային դաստիարակութիւն սերմանել:

Փառատօնը կ’եզրափակուի մրցանակաբաշխութեամբ: Ըստ անուանակարգերու` պարախումբերուն մրցանակներ կը տրուին: Կ’ակնկալուի նաեւ հայաստանեան երկու պարախումբերու մասնակցութիւն:

Աւելցնենք, որ «Հայորդիք» երգի-պարի խումբը ստեղծուած է 1991ին Երեւանի մէջ` ի յիշատակ ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի եւ միւս հերոս-հայորդիներուն, որոնք կենաց-մահու պայքար մղելով զոհուեցան Արցախեան պատերազմին:

1998էն մինչեւ այսօր խումբը հայապահպանական գործունէութիւն կը ծաւալէ Մոսկուայի մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին