Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ոչ Եւս Է Ընկեր Նազարէթ Թօփալեան

«Զարթօնք»ի խմբագրակազմը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ մահը վաստակաշատ լրագրող, գրող եւ թարգմանիչ ընկեր Նազարէթ Թօփալեանի:

Ընկեր Նազարէփ Թօփալեան, որ իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ, ծնած էր Պէյրութ 1933ին:

Բեղուն եղած է ընկեր Նազարէթ Թօփալեանին կեանքը՝ իր գրական աշխատանքներով եւ մանաւանդ սփիւռքահայ մամուլի իր աշխատակցութեամբ:

Ընկեր Նազարէթ Թօփալեան «Զարթօնք«»ին զինուորագրուած է 1958 թուականին, Գերսամ Ահարոնեանի հովանիին տակ շուտով հանդիսանալու օգնական խմբագիր՝ ծառայելու համար մեր թերթին մինչեւ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերը՝ երբ մեկնած է Ֆրանսա:

Իր անունը Գերսամ Ահարոնեանի հետ անմիջականօրէն կապուած է 1965ին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին լոյս տեսած կոթողային՝ «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի» մեծարժէք գիրքի խմբագրութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքին:

Ընկեր Թօփալեանի մեկնումով Հայ տպագիր մամուլը հսկայ մը եւս կը կորսնցնէ:

Յարգանք իր յիշատակին:

«Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին