Ուաշինկթընի մէջ մեկնարկեց Միջուկային անվտանգութեան 2016-ի գագաթաժողովը: Այս մայսին կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը։
Անիկա պիտի տեւէ երեք օրեր, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան շարք մը երկիրներու ղեկավարներ, միջուկային հարցերու համար պատասխանատու նախարարներ, միջուկային մեծ ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններ: Ապրիլ 1-ին գագաթաժողովը պիտի ամփոփուի միջուկային արդիւնաբերութեան վերաբերեալ ցուցադրութեամբ: Գագաթաժողովը պիտի ղեկավարէ Միջուկային ուժանիւթի ուսումնարանի տնօրէն Մարթին Ֆերտելը, իսկ հիմնական զեկուցողն է ՄԱԿի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր քարտուղար Իւգիա Ամանոն:
Այս տարուան գագաթաժողովի թեմատիկ հիմնական երեք ուղղութիւններն են ռազմավարական միջուկային եւ ռատիոլոկիական նիւթերու օգտագործման, տեղակայման եւ տեղափոխման անվտանգութիւնը, վտանգներու նկատմամբ արձագանգը եւ համաշխարհային միջուկային արդիւնաբերութեան դերը: Գագաթաժողովը կը կազմակերպէ Միջուկային ուժանիւթի ուսումնարանը:
Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին ներկայ գտնուելու նպատակով՝ Ուաշինկթըն կը գտնուի նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հայաստանի նախագահը մասնակցած է նախապէս տեղի ունեցած բոլոր՝ երեք Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովներուն` 2010ին Ուաշինկթընի, 2012ին Սէուլի եւ 2014ին Լա Հէյի մէջ: