Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Հայ Արուեստ»ի Ներկայացում Թէքէեան Կեդրոնէն Ներս

Թէքէեան Մշակութային Միութեան  Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կազմակերպութեամբ երէկ՝ Չորեքշաբթի 30 Մարտ 2016ի երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ «Հայ Արուեստ. Անցեալի Նուաճումներ եւ Ներկայի Իրագործումներ» նիւթով ձեռնարկ մը Թէքէեան կեդրոնի մէջ, Ժըմմէյզէ:

Ձեռնարկի ընթացքին մշակութասէր ներկաներուն ներկայացուեցան երկու հայ արուեստագէտներ՝ մին անցեալէն եկած արժէք ունեցող գորգարուեստի վարպետ Աւետիս Գույումճեան եւ միւսը արդի գոհարեղէն-զարդեղէններու վաստակաւոր արուեստագէտ Գէորգ Խաչերեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ժրաջան ատենապետ՝ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան (խօսքը կը հրատարկենք յաջորդիւ):

Ապա վարպետ Աւետիս Գույումճեան, որ միջազգային դէմք մըն է հին գորգեր արժեւորելու եւ նորոգելու մէջ, հետաքրքրականօրէն ներկայացուց հայ գորգարուստի պատմութիւնը, անոր տեսակները եւ այդ գորգերու նորոգութեամբ զբաղող իր աշխատանոցի կազմը:

Այնուհետեւ արուեստագէտ Գէորգ Խաչերեան ներկայացուց իր պղինձակերտ ձեռային աշխատանքները՝ աքսեսուարները, որոնք զարդարուած էին կիսարժէք թանկագին քարերով: Ան նշեց անոնց պատմութիւնը եւ իր արհեստավարժութիւնը, որ իր  ընտանեկան ժառանգն է:

Երկու հայ արուեստագէտները բազմաթիւ երկիրներ շրջելով եւ հայ արուեստի իւրօրինակութիւնը իրենց գործերով ներկայացնելով՝ հայու կենդանի ստեղծագործութեան օրինակներ կը հրամցնէին:

Երկու արուեստագէտները ԹՄՄի յուշանուէրով պատուուեցան՝ ձեռամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի:

Արուեստի այս երեկոյի գեղարուեստական բաժինին մաս կազմեցին ԹՄՄ The Big Bandի 4 անդամներ՝ ղեկավարութեամբ  Պրն. Վիգէն Չալեանի, որոնք հայկական երաժշտական կտորներ հրամցնելով հմայեցին ներկաները:

Մանրամասնութիւնները հետագային:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին