*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*
Դո՞ւն ալ Կարօ..:
Ինչո՞ւ աճապարեցիր մեկնելու այս աշխարհէն… չէ՞ որ տակաւին ունէիր ծրագիրներ, հեռանկարներ, երազներ: Միթէ՞ այսքան արագ ժամադրուած էիր ճակատագիրի խաղին հետ, որ գորշագոյնն է կեանքի սանդուխին եւ Աւագ Ուրբաթի օրով մեկնեցար մեզմէ, խորունկ բաց մը թողնելով ու սուգի մատնելով չորս բոլորտիք:
Երեքշաբթի, 29 Մարտը անմոռանալի պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ…։ Անթիլիասի Մայրավանքը կը յորդէր քու հարազատներով, սիրելիներով, բարեկամներով, ընկերներով, քու շատ սիրած հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան սկաուտներով, որոնք բոլորն ալ եկած էին քեզի համար մատուցանելու իրենց վերջին յարգանքը եւ հրաժեշտ տալու քեզի:
Ծովածով բազմութիւնը եւ բոլոր ներկաներ արտոսրազօծ աչքերով կը հետեւէին քու անշունչ մարմինդ տանող լուռ դագաղին եւ բոլորն ալ անխտիր կը գնահատէին քու ապրած կեանքդ… ունեցած վերաբերմունքդ… մարդկային ազնիւ բնաւորութիւնդ… անցած հարուստ ճանապարհդ… նամանաւանդ կատարածներդ՝ որպէս հաւատաւոր միութենական..:
Հիմա՝ հազիւ վերջ գտած թաղման արարողութիւնը, երբ արդէն քեզ յանձնած ենք ցուրտ հողին, կը մտածեմ. ինչո՞ւ աճապարեցիր գրկուելու համար մահուան հետ… չէ՞ որ տակաւին երիտասարդ էիր եւ ունէիր հազարումէկ ծրագիրներ: Քու մեկնումով անտարակոյս, ստեղծեցիր խոշոր բաց մը… ու Լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց Մարդ մը՝ իր մարդկային ազնիւ յատկանիշներով…։ Հայ մը՝ օժտուած հայու բոլոր առաքինութիւններով, գիտակից ու արժանաւոր եւ յարգուած ու սիրուած բոլորէն: Իսկ Ճըղըլեան ընտանիքը կորսնցուց Հայր մը՝ գուրգուրոտ ու բարի, ամուսին մը՝ պարտաճանաչ ու զոհուած, որ գիտցաւ հայեցի շունչ տալ իր ընտանիքին եւ զաւակներուն:
Գալով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, քու սիրած Մեծ ընտանիքիդ, անոնք կորսնցուցին հաւատաւոր ու պարտաճանաչ Անդամ մը, նուիրուիլ գիտցող Միութենական մը, յարգալիր ու սիրալիր Վարչական մը, անխոնջ Պատասխանատու մը եւ յաջողած Ղեկավար մը…:
Տակաւին մանուկ, առաջնորդուելով հօրդ թելադրանքով, Ճըղըլեան փոքր ընտանիքէն ելլելով, միացած էիր աւելի մեծ ընտանիքի մը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան շարքերուն, ուր ՀԵԸ-ի դրօշին ներքեւ քալած էիր կթոտող բայց հաստատ քայլերով: Բայց ո՞վ պիտի երեւակայէր ու պատկերացնէր, որ ութամեայ երախայ ու պատանի Կարոն պիտի մեծնար ՀԵԸնկերակցութեան հետ, հասակ պիտի առնէր Միութեան շուքին ու շունչին տակ եւ կանուխ տարիքէն պիտի դառնար վարչական անդամ… աւելի ուշ, օր մըն ալ դառնալու համար պատասխանատու տարր, կամ ղեկավար:
Շատ բնականաբար այդ բոլորը չեղան պատահականօրէն, այլ շնորհիւ քու տքնաջան աշխատանքիդ, ուղղամտութեանդ, ջանասիրութեանդ, նկարագիրիդ ամուր գիծին եւ նամանաւանդ՝ հաւատքիդ: Այո՛… զօրաւոր հաւատք ունէիր դէպի Միութիւնը, դէպի քու սիրած ու պաշտած Միութիւնդ, որուն համար զոհած էիր ժամանակ ու աշխատանք եւ փարած անոր ամենայն սիրով…: Սիրած էիր նաեւ Եկեղեցիդ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին, եւ այդ էր պատճառը, որ մասնաւոր յարգանք ունէիր դէպի Անթիլիաս ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին…: Սիրած ու նուիրուած էիր Հայրենիքիդ՝ Հայաստանին, եւ այդ հաւատոյ հանգանակը նաեւ սիրցուցիր Միութենականներուն, անոնց հոգիներուն մէջ ստեղծել ջանալով մէկական փոքրիկ Հայաստան: Աւելին՝ սիրած էիր շրջապատդ, եւ մասնաւոր սէր ու յարգանք ունէիր Լիբանանահայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն եւ անոնց պատասխանատու ղեկավարներուն հանդէպ, անշուշտ փոխադարձաբար յարգուելով անոնցմէ:
Հապա վարչական ընկերնե՞րդ… որքա՜ն նուիրուած էիր անոնց… ի՜նչ համբերութեամբ ու սիրով կը գումարէիք ձեր շաբաթական ժողովները, միշտ շինարար ոգիով եւ անխոնջ աշխատասիրութեամբ: Հեռատես էիր եւ նորարար, կը սիրէիր շաղուիլ մեծին ու փոքրին հետ, յուսալով ընտանիքդ եւ Միութիւնդ տեսնել միշտ բարօր ու յաջողած, որուն համար ուրախ էիր անսահմանօրէն…:
Որպէս բարի ու տիպար ամուսին եւ խնամակալ հայր, գիտցա՛ր ճիշդ ուղիի վրայ դնել զաւակներուդ ապագան եւ որպէս այդպիսին, ուրախ էիր եւ հպարտ, որովհետեւ որպէս ընտանիքի սիւն եւ նուիրեալ ամուսին ու հայր, կնոջդ՝ Սեդային հետ միասին հիմնած էիք առողջ եւ քրիստոնէական մաքուր ու տիպար ընտանիք եւ Յակոբն ու Անին հասակ առած էին ձեր շուքին տակ, ձեր փափաքած ձեւով եւ դարձած էին արդէն քեզի աջակից, ուրախութիւն սերմանելով Ճըղըլեան ամոլին ու Ճըղըլեան յարկին:
Բայց հիմա… այդ բոլորը կան… ներկայ են… բայց դուն միայն բացակայ ես այս բոլոր ծրագրած ու իրագործած ուրախութենէն՝ քու անվերադարձ մեկնումովդ: Հիմա՛ է որ պիտի կրկնապատկուէր ուրախութիւնդ ու խանդդ… եւ դուն դիտելով այս բոլորը, պիտի երջանկանայիր՝ գոհութիւն տալով նախախնամութեան: Ինչո՞ւ համար էր այս շառաչուն ապտակը, որ տուիր դուն… ինչպէ՞ս այս բոլորը ձգեցիր ու գացիր, տնաւե՛ր տղայ… բոլորիս սրտին մէջ վառեցիր անմար կրակ մը, անշէջ հրդեհ մը: Ինչպէ՞ս կրնայինք բարի հոգիէ մը ակնկալել այս ցուրտ վերաբերմունքը…:
Սիրելի Կարօ, այս պահուն քու անժամանակ ու անակնկալ մեկնումովդ՝ սուգի մէջ թողուցիր կողակից, զաւակ, հարազատներ, շրջապատ, միութենական ընկերներ եւ բարեկամներ: Սակայն վստահ ենք, քու բարի յիշատակդ մեր մէջ պիտի ապրի եւ իւրաքանչիւրս պիտի յիշենք քեզ, որովհետեւ վաստակդ մեծ է եւ անցած ճանապարհդ լեցուն՝ բարի արարքներով:
Գնա՛… գնա եւ հանգչիր խաղաղ… ապրէ՛ լոյսերու մէջ եւ անդէականէն դիտէ աշխարհը եւ սիրելիներդ, որոնց աչքերուն ակամայ ցանեցիր առատ արցունք: Դուն վստահ եղիր՝ պիտի մնաս անմոռանալի եւ պիտի յիշենք քեզ յաւերժ…: Հանգիստ ոսկորներուդ եւ հողը թեթեւ գայ վրադ…: