ԱՄՆ արեւելեան ափի լրատուամիջոցները լայնօրէն կ՛անդրադառնան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցին:
Ըստ «Արմէնփրես»ի ուշադրութեան կեդրոնն են նախագահ Սարգսեանի այցը Պոսթընի Հին հիւսիսային եկեղեցի (Old North Church), ուր իբրեւ Հայաստանի նախագահ ան ներկայ է էքիւմենիք երկրպագութեան արարողութեան: Հին հիւսիսային եկեղեցին Պոսթընի տարածքին կանգուն մնացած ամենահին եկեղեցին է:
Սերժ Սարգսեան այցելց նաեւ Պոսթընի Հայկական ժառանգութեան պուրակ (Armenian Heritage Park), ուր ծաղկեպսակ դրաւ յուշարձանին մօտ` ի նշանաւորումն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 28-ին մեկնարկած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Մասաչուսէց նահանգին մէջ Սերժ Սարգսեան այցելած էր հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաք: Միացեալ Նահանգներ այցի առաջին օրը, ՀՀ նախագահը եղած էր նաեւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ երրորդութիւն հայկական եկեղեցիները:
Աշխատանքային այցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին: