ԱՄՆ արեւելեան ափի լրատուամիջոցները լայնօրէն կ՛անդրադառնան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցին:
Ըստ «Արմէնփրես»ի ուշադրութեան կեդրոնն են նախագահ Սարգսեանի այցը Պոսթընի Հին հիւսիսային եկեղեցի (Old North Church), ուր ան իբրեւ Հայաստանի ղեկավար ներկայ է էքումենիք երկրպագութեան արարողութեան: Հին հիւսիսային եկեղեցին Պոսթընի տարածքին կանգուն մնացած ամենահին եկեղեցին է:
Կը ծրագրուի, որ Սերժ Սարգսեան այցելէ նաեւ Պոսթընի Հայկական ժառանգութեան պուրակ (Armenian Heritage Park), ուր ծաղկեպսակ պիտի դնէ յուշարձանին մօտ` ի նշանաւորումն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 28-ին մեկնարկած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Մասաչուսէց նահանգին մէջ Սերժ Սարգսեան այցելած է հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաք: Միացեալ Նահանգներ այցի առաջին օրը ՀՀ նախագահը եղած է նաեւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ երրորդութիւն հայկական եկեղեցիներ:
Աշխատանքային այցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին: