*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ գաղափարախօսութիւնը իբրեւ ներշնչում, ոգի եւ դաստիարակութիւն թէեւ սկիզբ կ՛առնէ աստուածաշնչային իր ակունքէն, սակայն ան խորապէս միաձուլուած է մեր մարդկային եւ ազգային զգացողութեան ու մտածողութեան հետ, որովհետեւ կրօնաբարոյագիտական սկզբունքները միայն գիտելիք չեն, այլ հիմնատարրը մեր մարդկային առօրեայ կեանքին ու կենցաղին: Եւ այս ինքնագիտակցութիւնը պարտադիր է թէ՛ հոգեւորականներու, եւ թէ նոյն չափով` նաեւ աշխարհական դասին: Երեւոյթ մը, որ պիտի կազմաւորէ ու վերադաստիարակէ Մարդկութիւնն ամբողջ:
Քրիստոնէական աշխարհին հետ Հայ Եկեղեցին իր ժողովուրդով կը տօնախմբէ Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Արդարեւ Յարութեան գաղափարականն է ԷԱՏԱՐՐը քրիստոնէական վարդապետութեան, առանց որու ան պիտի նմանէր ուրիշ կրօնական ուսմունքներու եւ իմաստասիրութիւններու: Արդարեւ Ծաղկազարդին յաջորդող Աւագ Շաբթուան օրերէն իւրաքանչիւրը, իր մէջ կը խորհրդանշէ մարդկութիւնը վերադաստիարակող եօթնախորհուրդ Իմաստ եւ իմացական խորք: Այսինքն Վերջին ընթրիք եւ Հաղորդութիւն, Մատնութեան արարքը Յուդային, Գողգոթան ու չարչարանաց գիշերը, անկարելի թաղումը իմացական մեծ Ճառագայթին եւ Անոր հրաշափառ յարութիւնը այնքան հարազատօրէն կ՛արտացոլացնեն հայ ժողովուրդին դարաւոր պատմութիւնը, որուն մէջ կը գտնենք Նախախնամութեան լուսեղէն պատգամը:
Համայն մարդկութիւնը աշխարհի, մինչ մէկ կողմէն իմացական ու գիտական սխրանքներ կ՛իրականացնէ, միւս կողմէն սակայն, ՉԱՐԻՔի սերմնացաններ կը գործեն սանձարձակօրէն ու կը քանդեն մարդկութեան թէ՛ հոգեկան եւ թէ ֆիզիքական երջանկութեան աղբիւրները: Համայն աշխարհ այսօր երբ կ՛ողջունէ Ս. Յարութեան տօնը, որ Լոյսին ու Ճառագայթին յաղթանակին տօնն է, որ ԲԱՐԻին յաղթանակն է ՉԱՐին վրայ, ամէն գինով պէտք է պայքարի ԲԱՐԻՔը դարձնել այնքան զօրեղ եւ հուժկու, որուն դիմաց պիտի զինաթափուին Չարիքին սերմնացանները:
Համայն Մարդկութեան մէկ բաղադրատարրն է հայ ժողովուրդը: Պիտի սկսինք մեր վերադաստիարակութիւնն ու վերակազմակերպումը մեր իսկ ՏՈՒՆէն: Մեր անմիջական շրջապատէն: Մեր համայնքային ու միութենական կեանքի հիմնական հարցադրումներէն եւ լուծումներէն, որպէսզի կարենանք հասնիլ բոլորիս համար ընդունելի կարգավիճակի մը: Մեզմէ իւրաքանչիւրին իրաւունքն է Խիղճի եւ Խօսքի ազատութիւնը: Սակայն այս «ազատութիւն»ն ալ ունի իր կանոնները: Իբրեւ սփիւռքահայ լաւապէս կազմակերպուած մեր ազգային կեանքին պէտք է տանք նոր Շունչ եւ Ոգի: Վերահսկողութի՛ւն մեր ներկայ Մարդուժին վրայ, եւ վերարտադրութիւն՝ նորակազմ սերունդներու: Դժբախտաբար Սփիւռքը հետզհետէ կը նօսրանայ իր «բարոյական հարստութիւններ»էն: Գիտնանք գուրգուրալ նոր ծլարձակումներուն վրայ, որպէս երաշխիք ապագայ մշտանորոգ սաղարթախիտ ԾԱՌերու:
***
Ս. Յարութեան տօնին միակ խորհրդանիշը կը հանդիսանայ «Յաղթանակ՝ գերեզմանին վրայ»: Թէ՝ Ճառագայթը կարելի չէ թաղել:
Գերեզման կը նշանակէ «Մեղքին տիղմը», իսկ «տապանաքար»ը՝ զայն ծածկող համատարած ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ է:
Զատկուան խորհուրդն է, որ իբրեւ Հայ Քրիստոնեայ, հաղորդուինք Մեծ Վարդապետին կեանքին օրինակով եւ ազատագրենք մեր հոգիները «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:
Պէյրութ, Լիբանան