Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Մարիա Զախարովա. «Մոսկուան Չի Կրնար Ընդունիլ Իր Հասցէին Ազրպէյճանի Նախագահին Մեղադրանքները»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Մոսկուան չի կրնար ընդունիլ իր հասցէին Ազրպէյճանի նախագահին այն մեղադրանքները, թէ Մինսքի խումբի որոշ համանախագահներ իրենց ապակառուցողական գործունէութեամբ՝ կը նպաստեն Ղարաբաղի հակամարտութեան սառեցման: «Մենք չենք կրնար նման մեղադրանք ընդունիլ, որովհետեւ բանակցային գործընթացին մէջ մենք բազմամեայ եւ կառուցողական մասնակից ենք, եւ մեր նպատակներու անկեղծութիւնը կը կարծեմ, որ ապացուցուած է», ըսաւ Զախարովա աւելցնելով, թէ միւս համանախագահներուն եւ ազրպէյճանական ու հայկական կողմերուն հետ միասին, իրենք կ’ուզեն այդ բարդ իրավիճակի հանգուցալուծումը: Զախարովա նաեւ տեղեկացուց, թէ նախապատրաստութիւններ կը տարուին՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրովի Ազրպէյճան այցելութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին